Մխիթարեան Միաբանութեան 300-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ

0 0
Read Time:58 Second

ԵՐԵՒԱՆ.- Հոկտեմբեր 23-ին, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկին մէջ, տեղի ունեցաւ Մխիթարեան Միաբանութեան 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու բացման արարողութիւնը:

Ձեռնարկները տեղի կ՛ունենան սփիւռքի նախարարութեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հայագիտական եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի, Երեւանի պետական համալսարանի, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկ-մատենադարանի, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան նախաձեռնութեամբ` Հայաստանի մէջ իրականացուող Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ Մխիթարեան միաբանութեան հաստատման 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ ըսաւ. «Բացառիկ է միաբանութեան դերը հայապահպանութեան գործին մէջ: Գիտական ընդհանուր եւ ճիւղային բառարանները, թարգմանական, կրօնական, պատմական, լեզուաբանական, բնագիտական, տնտեսագիտական աշխատութիւնները համաշխարհային հասարակագիտական բացառիկ նմուշներ են: Ուրախ եմ, որ այսօր Մատենադարանի ցուցասրահին մէջ հայ հասարակութիւնը կարելիութիւնը կ՛ունենայ ծանօթանալու այդ նմուշներէն քանի մը հատին», աւելցուց նախարար Հրանուշ Յակոբեան:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Լեւոն արք. Զեքիեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն, յատկապէս` Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ նախարար Հրանուշ Յակոբեանին` Մխիթարեան միաբանութեան 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները հայրենիքի մէջ բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար:

Նշենք թէ, նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած էր Լեւոն Արք. Զեքիեանը: Հանրապետութեան նախագահը բարձր գնահատած է Լեւոն Արք. Զեքիեանի բեղուն գործունէութիւնը` ուղղուած հայ ժողովուրդի հոգեւոր, մշակութային ժառանգութիւնը աշխարհին ճանաչելի դարձնելուն, հայապահպանութեան ու սերունդներու կրթութեան:

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles