ԱմերիկահայԼրահոս
ԿԻՐԱԿԻ, ՄԱՐՏ 15-ԻՆ` «ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ»-Ի 41-ՐԴ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳԸ
Կիրակի, Մարտ 15-ին, տեղի պիտի ունենայ Ազգային Առաջնորդարանի «Միւզիքըլ Արմինիա» ծրագրի 41-րդ տարեկան համերգը, Նիւ Եորքի Քարնըկի Հոլի «Ուէյլ» համերգասրահին մէջ։ Այս տարուան համերգին մաս պիտի կազմեն երիտասարդ ջութակահար Անժելինա Թոզեան եւ դաշնակահար Սէյրան Թոզեան։
«Միւզիքլ Արմինիա» հաստատուած է 1982-ին Թեմի նախկին Առաջնորդներէն՝ լուսահոգի Մեսրոպ Արք. Աշճեանի, եւ Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան կողմէ։ Անոր նպատակն է քաջալերել երիտասարդ հայ արուեստագէտներ եւ հայ երգահաններու երաժշտութեան կատարումը։ Վերջին քառասնամեակին, ծրագրի մեկնաբաններէն շատերը յաջող դէմքեր դարձած են իրենց ասպարէզին մէջ։

