
ԼԵՆՍԻՆԿ․- Միշիկընի 40-րդ շրջանի ներկայացուցիչ Մարի Մանուկեան ներկայացուց 319-րդ բանաձեւը, որուն մէջ բուռն կերպով կը քննադատէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումը՝ Արցախի վրայ։
Ան շեշտեց, թէ Արցախի մէջ Ատրպէյճան իր սանձարձակութիւններուն ժամանակ առանձին չէ եղած: Ականատեսներու վկայութիւններով, իրանեան սահմանին թրքական ուժեր եւ զինուորական սարքեր եղած են: Իսկ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան շտապած է յայտարարելու, որ իրենք կ՛աջակցին Ատրպէյճանին, քանի տակաւին այդ երկիրը չէ վերատիրացած Լեռնային Ղարաբաղին:
Ան աւելցուց, թէ Հայաստանի հետ, պատերազմի հրահրումը նպատակ ունի ազրպէյճանցիներուն ուշադրութիւնը շեղել վարչակարգի խախտումներէն եւ տնտեսական անապահովութենէն: Ան շեշտեց, թէ այս հակամարտութիւնը զինեալ լուծում չի կրնար ունենալ: Մինսքի խումբը պէտք է վերականգնէ բանակցային լիակատար ձեւաչափը` Արցախը դարձնելով քաղաքական բանակցութիւններու մասնակիցը: