Գլխաւոր

ՄԵՐ ՊԱՅՔԱՐԸ ԻՐ ԻՐԱԿԱՆ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

 

Կարօ Արմենեան

Մայիս 24, 2026

Ուաշինկթըն

 

Advertisement Subscribe Today

Տարրական տրամաբանութեամբ, Փաշինեանի մտագարութիւնները պէտք է լրջօրէն տագնապահար ընեն իր կուսակիցները և մղեն զիրենք, խստագոյն միջամտութեամբ, կարգի հրաւիրելու գազազած իրենց ընկերը։ նոյն տրամաբանութեամբ, խուճապի մթնոլորտ պէտք է տիրէ Անգարայի, Պաքուի, Արևմուտքի և Իսրայէլի մէջ ի տես Փաշինեանի սանձարձակ պոռթկումներուն…(Ինչպէ՞ս զսպել բաղնիքին մէջ յայտնուած այս անկայունը…)։ «Յո՞ երթանք, Պարոնա՛յք…», պիտի ըլլայ Հաքան Ֆիտանի սաստը ուղղուած՝ իր մշտադիտարկման (monitoring) թիմին պահանջելով, որ առնուին խիստ վճռական քայլեր և, առաջին հերթին, «հաթլայն»-ի վրայ բերուին Երևանի իրենց գործակիցները։

Բնական պայմաններու մէջ, այսպէս է, որ պիտի գործէ քաղաքական գործընթացը ի տես Փաշինեանական փողոցին։ Այսինքն՝  քարոզարշաւի կոպիտ սխալները անմիջապէս ուղղելուև անսաստողը սանձահարելու յստակ դիտաւորութեա՛մբ։  Այսինքն Թուրքիոյ «վերև»-ներէն շաչող մտրակով՝ «Արթնցուցէ՛ք սա ողորմելին։ Ասիկա իր ընտրութիւնը չէ։ ՄԵ՛Ր ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆ Է…»

Այս բոլորը անշուշտ վարկածային կողմն են այս վերլուծման։ Պէտք է, անշուշտ, հարց տալ, թէ արդե՞օք կայ նման անհանգստութիւն ընտրապայքարի Փաշինեանական ոլորտին մէջ։ Կա՞ն միթէ այդպիսի յարաբերութիւններ Փաշինեանական ճամբարին և այս վերջինի արտաքին հովանաւորներուն միջև։ Հարց տալ մանաւանդ, թէ արդեօ՞ք քաղաքականութեան բնականոն գործօնները դեռ կը գործեն Հայաստանի  քաղաքական բեմին վրայ այս օրերուն։

Եթէ կը գործե՛ն, յստակ է մէկ բան։ Փաշինեան իր այլանդակ վարքագծով հիանալի զէնք մը դրած է այսօր Ընդդիմութեան ուժերու տրամադրութեան տակ։ Զէ՛նք՝ որմով Ընդդիմութիւնը կրնայ արագօրէն յեղաշրջել ընտրողներու զօրակցութեան ենթադրական աղիւսակը և փոխել իրավիճակը յօգուտ Ընդդիմութեան։ Այդ բանին փաստը – եթէ բախտաւոր ենք — պիտի տեսնենք յաջորդող օրերու խմորումներուն մէջ։ Մինչ այդ ընդդիմադիր ճակատը պէտք է անյապաղ ջրբաժան յառաջացնէ ընտրական դաշտին մէջ հուժկու ազդակի վերածելով Փաշինեանի անհաւատալի արտաբերումները ընտրարշաւի ճամբու երկայնքին։ Ցոյց տալ ընտրողին, որ Փաշինեան կը գործէ մեր ազգային գերագոյն շահերուն դէմ և կը գործէ անկապ ու անկշիռ թռիչքներով՝ ընտրութիւններու բեմը վերածելով եղերազաւեշտի։

Բայց ամենէն կարևո՛րը՝ պէտք է հարց տալ, թէ իսկապէս ի՞նչ պատկերացում ունի թշնամին այսօր Հ.Հ. հասարակութեան քաղաքական ողնայարին մասին։ Ի՞նչ ակնկալութիւն կամ ի՞նչ վախ, թէ ի՞նչ կրնայ ընել Հ.Հ. քաղաքացին տեսնելով հայ անկախ պետականութեան շարունակական գահավէժը ի ձեռս Փաշինեանական համակարգին։ Հ.Հ. ընտրազանգուածը արդե՞օք պիտի կանգնի ոտքի — ըսել կ՚ուզեմ՝  տարերայնօրէ՛ն — Փաշինեանով դրսևորուող այս ազգային ողբերգութեան դէմ և իր ճակատագրի սանձերը վերջապէս առնէ իր ձեռքերուն մէջ ՝ դաւաճանական այս ժառանգութիւնը միանգամընդմիշտ դուրս շպրտելով երկրի կեանքէն։ Արդեօք ի՞նչ պիտի ընեն կամ ի՞նչ ատակ են ընելու  – յեղափոխական յայտնի երգին բառերով — «սա խռովեալ հայերը», ըստ Անգարայի և Պաքուի ռազմավարական հաշուարկներոուն։ Արդեօ՞ք ողջ է Սարդարապատի ջիղը…

Ես կը կարծեմ, թէ այս կէտին վրայ գործ ունինք շատ ճակատագրական նրբութեան մը հետ։

Փաշինեանի հովանաւորները երբեք խուճապահար չեն այսօր, քանի որ անոնք գործը երբեք իսկապէս չեն յանձնած Փաշինեանին։ Պէտք է ակնկալել, որ անոնք արդէն վաղուց հաստատած են իրենց մեքենականութիւնները ընտրական դաշտէն ներս Հ.Հ. քուէն ապակողմնորոշելու  և Փաշինեանի յանցագործ իշխանութեան վերարտադրութիւնը ապահովելու։ Փաշինեանի ելոյթները ընդհանուր յայտարար մը ունին։ Անոնք բացայայտօրէն կ՚արհամարհեն երկրի քուէն։ Անոնք չեն վախնար քաղաքացին անարգելէ։ Անոնք համոզուած են, որ քաղաքացին շուարած է, տկար, քաղաքականօրէն պարտուած և անատակ՝ իր արժանապատւութեան տէր կանգնելու։ Փաշինեանի ելոյթները օրգանական մասն իսկ  են Հ.Հ. քուէն բարոյալքելու կոչուած թշնամիի ընդհանուր ծրագրին։ Անոնք լիովին համահունչ են թշնամիի ռազմավարութեան նորմերուն։ Ի տարբերութիւն վերև յիշուած վարկածին, Փաշինեան և իր հովանաւորները անզանազանելի են իրարմէ։  Եւ անոնք միասնաբար կը սոնքան իրենց գոռոզութեամբ հանդէպ մեր ժողովուրդին։ ԱՆՈՆՔ ՀԱՄՈԶՈՒԱԾ ԵՆ, ՈՐ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԱՐԴԷՆ ԴԱԴՐԱԾ Է ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼԷ ՈՐՊԷՍ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՒ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԽՂՃՄՏԱՆՔ։ ՈՐՊԷՍ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺ…Հետևաբար կարելի է անվախօրէն քուրջի կտորի վերածել զինք և դեռ շահիլ ընտրութիւնը։

Եւ հոս է, որ Փաշինեան և իր տէրերը չարաչար կը սխալին։

ԻՐԵՆՑ ԱՅՍ ԹՈՒՆԱՒՈՐ ԳՈՌՈԶՈՒԹԻՒՆՆ Է, ՈՐ ՋԱՐԴՈՒՓՇՈՒՐ ՊԻՏԻ ԸՆԷ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՈՒՐԴԸ ՅՈՒՆԻՍԻ 7-ին…Այս վճռական – ԱՅՍ ՊԱՏՄԱԿԱ՛Ն — առճակատումն է, որ տեղի պիտի ունենայ շուտով։ Մեր ժողովուրդը լոկ Փաշինեանի և իր Վիշիական ջոլիրին դէմ չէ, որ ելած է կռուի։ ԱՆ ԵԼԱԾ Է ՊԱՅՔԱՐԻ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՐԳԻՆ ԴԷՄ։ ԵՒ ԵԿԱԾ Է ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄ ՏԱԼՈՒ ՀԱՅ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԼԻՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԻՆ։

Սարդարապատի ջի՞ղը…Այո, ողջ է ան։ Ողջ և առողջ և պատրա՛ստ՝ դիմագրաւելու կեանքի մեծ մարտահրաւէրները այսօր, վաղը, յաւիտեա՛նս։ Մեր պայքարը ամէն տեղ է։ Աշխարհակարգի բոլո՛ր ճակատներուն վրայ։ Եւ ան կանգ պիտի չառնէ Յունիս 7-ին։

 

 

 

 

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button