
Գէորգ Պետիկեան
Դո՛ւն պապերէս արդար ժառանգ,
Մեզ ազգովին ամրապնդող,
Սրտերն ամրապնդող,
Արցախի սիրտ մեր Շուշի:
Ո՞վ չի ճանչնար քեզ:
Դո՛ւն հայութեան աւիշն մաքուր,
Պատմական մայրաքաղաք Արցախի,
Զաւակներուդ կարօտովը ամրակուռ,
Զարմանքը համայն աշխարհի:
Ո՞վ չի ճանչնար քեզ:
Ազատութեան սիրոյն համար,
Հայու անպարտ սիրտը ահեղ,
Ու մարմինը իբրեւ սուրբ լեռ,
Մեր վեհ Շուշի:
Ո՞վ չի ճանչնար քեզ:
Վրէժի ձայնդ ժայռերէդ վար,
Երազներդ քեզ հետ շալկած,
Հայու արիւնովն մկրտուած,
Մեր անպարտ Շուշի:
Ո՞վ չի ճանչնար քեզ:
Արարատէն ժայթքող լոյսով,
Աչքերդ՝ ազատութեան երազին,
Անբաժան մասնիկը մեր հայրենիքին,
Հպարտ մեր Շուշի:
Աշխարհն արդէն պիտի ճանչցայ քեզ: