
Վերջին տարիներու նման, “Հայրենիք” եւ “Արմինիըն Ուիքլի” թերթերը, այս տարի ալ, լոյս պիտի ընծայեն Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած երկլեզու բացառիկ թիւ մը, որ պիտի ընդգրկէ ուսումնասիրութիւններ, տեղեկագրեր, վերլուծումներ, լուսանկարներ, հարցազրոյցներ եւ փաստագրական պատրաստութիւններ յօդուածագրուած մասնագէտներու, մտաւորականներու, հրապարակախօսներու եւ դասախօսներու կողմէ:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100¬ամեակին առթիւ, լոյս ընծայուող բացառիկ թիւի էջերուն վարի մասը պիտի տրամադրուի յատուկ հովանաւորողներու: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար.-
ե-նամակ.- ads@hairenikweekly.com
կամ հեռ.- 617-926-3974:
Յոյսով ենք որ պիտի ընդառաջէք մեր առաջարկին:
Յաջողութեան մաղթանքներով՝
“Հայրենիք”ի խմբագրութիւն