
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7 -ին նախագահութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը սկսաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ եւ տեւեց մինչեւ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9։
Չորս տարին անգամ մը գումարուող յիշեալ ժողովին կը մասնակցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները եւ շուրջ 125 երկսեռ պատգամաւորներ։
Ա.Մ.Ն. արեւելեան շրջանէն այս Ժողովին կը մասնակցին Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ հետեւեալ պատգամաւորները.- Յակոբ Խաչատուրեան, Թամար Գանարեան, Արամ Յովակիմեան, Մայքլ Կոստանեան, Արա Պարսումեան, մեթր Ռիչըրտ Սարաճեան, Վեհ Պզտիկեան, տոքթ. Գարլօ Պայրագտարեան, մեթր Արմէն Մորեան, Զարմայր Սեդրաքեան եւ Յովսէփ Աւագեան։
Յաջորդող նիստերուն տեղի ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու տեղեկագիրներու ներկայացում: Տեղեկագիրները համապարփակ քննարկումի ենթարկուեցան ժողովականներուն կողմէ: Հարցումներուն պատասխան տրուեցաւ Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն կողմէ: Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ տուաւ ու արժեւորումներ կատարեց: