ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶՈՒՀԻ ՀՈՒՐԻ ԿԷՊԷՇԵԱՆԻ ՍԽՐԱՆՔԸ

0 0
Read Time:30 Second

Նիւթըն Նորթ (Մասաչուսէց) դպրոցի շրջանաւարտ, եւ Այուա Համալսարանի աշակերտ Հուրի Կէպէշեան, ամէնայն ճկունութեամբ եւ կատարեալ շարժումներով իր խումբը դէպի յաղթանակ առաջնորդեց, մարմնամարզանքի »Պիկ Թէն« մրցաշարքի աւարտական մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ անցեալ ամիս, Օհայօ նահանգին մէջ: Կէպէշեան, Այուայի Համալսարանէն երկրորդ մարզիկն էր, որ տիրացաւ տիտղոսին:
Ճնշումի դժուար պայմաններու տակ, Հուրի պայքարեցաւ եւ յաղթական դուրս եկաւ: Արդարեւ, իր խմբակիցը, սահած ըլլալով չէր կրցած շարունակել մրցումը եւ խումբը պէտք ունէր Հուրիի յաղթանակին: Ամէնայն պաղարիւնութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ, ան կրցաւ բարձրագոյն միջին (9.95) նիշը ապահովել:
Կէպէշեանի համար պարտաւորութիւն է մասնակցիլ եւ իր լաւագոյնը ներկայացնել: Համալսարանը աւարտելէն վերջ, ան կը մտադրէ բժշկական բնագաւառէն ներս մասնագիտանալ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles