Լրահոս
Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Եւ Իրաւաբան Սիրանուշ Սահակեան Մոնրէալի Մէջ Ներկայացուց Հայ Գերիներու Իրավիճակը

ՄՈՆՐԷԱԼ․- Հոկտեմբեր 8-ին, Մարդու իրաւունքներու պաշտպան եւ իրաւաբան Սիրանուշ Սահակեան Հայ Կեդրոնին մէջ հանդիպեցաւ Քեպէքի հայ համայնքի անդամներուն՝ ներկայացնելով Պաքուի մէջ ապօրինաբար կալանաւորուած հայ գերիներու հարցը, անոնց դէմ ընթացող դատական գործընթացները եւ միջազգային իրաւական հարթակներու վրայ տարուող աշխատանքը։

