ԳլխաւորԼրահոս

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի Վճիռը «Փերինչէք ընդդէմ Զուիցերիա» Հարցին Առնչութեամբ

Միջազգային իրաւաբան՝ Ճէֆրի Ռապըրթսըն եւ Հ.Հ. ընդհանուր դատախազ՝ Գէորգ Կոստանեան, դատավարութեան ընթացքին
Միջազգային իրաւաբան՝ Ճէֆրի Ռապըրթսըն եւ Հ.Հ. ընդհանուր դատախազ՝ Գէորգ Կոստանեան, դատավարութեան ընթացքին

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ.- Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ թէ Հոկտեմբեր 15-ին, Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը վճիռ կայացուց Փերինչէք ընդդէմ Զուիցերիա հարցին շուրջ, ուր նշեց, թէ թուրք ազգայնական Տողու Փերինչէքի խօսքի ազատութիւնը կաշկանդումի ենթարկուած է, երբ ան Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող յայտարարութիւններ կատարած է Զուիցերիոյ մէջ:
Յունուար 2015-ին, Եւրոպական դատարանի վերին պալատը հարցը վերատեսութեան ենթարկած էր՝ Զուիցերիոյ դիմումին ընթացք տալով: Այդ դատի վճիռը տրուեցաւ այսօր: Հայաստանը դատին կը մասնակցէր իբրեւ երրորդ հետաքրքրուող կողմ, ներկայացուելով միջազգային իրաւաբաններ Ճէֆրի Ռապըրթսընէ եւ Ամալ Քլունիի կողմէ, ինչպէս նաեւ Հ.Հ. ընդհանուր դատախազ Գէորգ Կոստանեանի կողմէ:
Առաւօտեան կարճ նիստին ընթացքին տրուած որոշումը հայկական կողմին համար կարեւոր է մի քանի կէտերով, որոնցմէ ամենակարեւորը՝ որ դատարանը բեկանեց նախորդ դատարանի այն կէտը, ուր համեմատական կ՚ըլլար Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Հրէական Ողջակիզման միջեւ: Ստորին պալատի իրաւասութինները չեն թոյլատրեր նման ակնարկ եւ որոշում մը առնել:
Շատ կարեւոր կէտ մը, որ նաեւ նշուած է այսօրուան որոշումին մէջ այն է, թէ՝ հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան եւ ցաւին հետ ո՚չ ոգ խաղալու իրաւունք ունի: Դատարանի որոշման համաձայն՝ Եւրոպայի տարածքին գտնուող հայութիւնը իր արժանապատիւ կեանքին իրաւունքն ունի առանց ոեւէ մէկ ցեղապաշտ կամ այլ բռնութիւններու: Ռապըրթսըն նշեց, որ այսօր Հայաստանին եւ հայութեան համար կարեւոր օր մըն է, որովհետեւ Թուրքիոյ օրէնսդրութեան թիւ 301 յօդուածը նաեւ լուսարձակի տակ կ՚առնուի, եւ պէտք է ջնջուի, եթէ Թուրքիա կ՚ուզէ եւրոպական ընտանիքին անդամ դառնալ:
Կարեւոր է նշել, որ այս որոշումը կը վերաբերի Փերինչէքի խօսքերուն Զուիցերիոյ մէջ: Յարձականի տակ չառներ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, եւ ապագային ուրացման փորձերը, որոնք ճիշդ օրէնսդրութեամբ կարելի են քրէական ըլլալ:
Գասպար Կարապետեան, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահը, որոշումին մասին հետեւեալը ըսաւ.- «Դատարանը բաց կը ձգէ այն կարելիութիւնը, որ անհատ մը դատապարտուի Ցեղասպանութեան ուրացման համար, որոշ պարագաներու: Դատարանը արձանագրեց, որ սխալ էր Փերինչէքը քրէական հետապնդումի ենթարկել, քանի որ Զուիցերիոյ մէջ պատմական հարցեր չկային, ինչպէս նաեւ բարձր կիրքեր չկային (հայերու եւ թուրքերու միջեւ): Կարելի է եզրակացնել ուրեմն, որ հայերու եւ թուրքերու միջեւ եթէ լարուած իրավիճակ ստեղծուի ուրացման պատճառով՝ Ցեղասպանութեան ուրացումը կարելի է քրէականացնել,:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button