ԳլխաւորԳրողի Անկիւն

ՄԱՌԱԽՈՒՂ

lola

ԼՕԼԱ ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆ

Նիւ Եորք

Թափառական աստղերուն հարցուցի՝

Ո՞ւր են մարդոց թռցուցած խելքերը:

 

Advertisement Subscribe Today

Անոնք պատասխանեցին՝ գնա՜ արեւելք

բայց հոն խելքեր չգտայ։

 

Դեղին դաշտերուն մէջ երկնցայ

ու խոտերուն հարցուցի՝ ո՞ւր են

 

երեւակայական ոգիները ու անոնք

պատասխանեցին՝ շուրջդ դիտէ՛։

 

Խմողներուն, ծխողներուն, ձուկերուն ու մուկերուն

աչքերուն մէջ խորո՜ւնկ նայեցայ

 

ու հարցուցի՝ ու՞ր են ու՞ր թափառական

աստղերը ու անոնք մատով ցցուցին…

 

մառախուղը։

 

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button