«ՄԱՆ՛ՉՍ, ՀԻՄԱ ՆՈՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԴ ՊԻՏԻ ԵՐԹԱՍ…»

0 0
Read Time:4 Minute, 11 Second

balian hayrenik

Յ. Պալեան

«Այսպէս պատմեց մեր սարսափին ականատես գերմանուհին»…
Կը յիշէ՞ք Սիամանթոյի «Պարը», թէ՞ ան պարզապէս բեմէն լսուած եւ մոռցուած պահու մը յուզում աղմուկ է:
Բանագողութիւն պիտի ըլլայ եթէ ես ալ կրկնեմ, բանաստեղծի ընդվզումէն դար մը ետք, թէ «այսպէս պատմեց Երեւանէն Միացեալ Նահանգներ թռիչքի ճամբորդ Վանէն հայրենահանուածի ժառանգ բարեկամ մը»…
Հայրենահանուած: Սփիւռքներու մոռցուած-մոռցուող ցաւը, զոր ուրիշ բաներով կը փոխարինենք Հայաստան, հին եւ նոր սփիւռքներ:
Բաներ, բաներ: Ազգը ամէն օր քիչ մը աւելի փակագիծի մէջ կը դնենք:
Պատմեց: Ոչ արիւն, ոչ ալ «թուրք ամբոխ», որ հայ կիները կ’այրէ, անոնց վրայ վրայ քարիւղ թափելով եւ ստիպելով որ անոնք պարեն:
Պատմեց եւ իմացայ օդանաւի փակին մէջ լսուած հայ մօր խօսքը իր զաւակին:
Այդ մայրը շատ հաւանօրէն լսած է Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն»ը:
Այս նորատեսակ հայ մայրը ըսած է.
– Մա՛նչս, հիմա նոր հայրենիքդ պիտի երթաս:
Նո՛ր հայրենիք: Կարծէք հայրենիքը հինցած կ’ըլլայ ինչպէս շապիկը, կօշիկը, գուլպան, եւ նորով կը փոխարինուի:
Այդպէս, երէկ դեռ հայ մայր եղած կինը, նոր կօշիկ խոստանալու պէս «նոր հայրենիք» կը տանի իր զաւակը:
Հայ մօր մասին ինչե՜ր ըսուած եւ գրուած են: Իր զաւակը «նոր հայրենիք» տանող «նոր» հայ մայրը, մեր լինելութեան կամ անոր կասեցման նոր դէմքն է: Ոչ միայն մայրերը, նաեւ՝ հայրերը, որ դեռ նոր իրենց զաւակները շալկած, փոխանակ հայրենիքի ճամբան գտնելու, խմբովին ովկիանոս անցան: Եւ «նոր հայրենիքներու հայեր» յաղթանակի պոռչտուքով զանոնք դիմաւորեցին:
Դեռ երէկ անոնք խրախճանքներու ընթացքին հայրենասիրական երգերով կը յուզուէին, «նոր հայրենիք»ի մը մէջ կրկին հայրենասիրական երգերով անբովանդակ յուզումներ պիտի ունենան: Անովանդակ, քանի որ հայու երազանքին հակառակ ուղղութեամբ բացած են իրենց առագաստները:
Քանի քանի անգամներ, Հայաստան եւ սփիւռքներ, լսած ենք Յովհաննէս Թումանեանի սրտառուչ խօսքը՝ հայրենիքի մասին (Հայրենիքիս հետ), բայց բոլոր գեղեցիկ խօսքերը յաճախ միայն ականջով կը լսենք:
«Բայց հին ու նոր քո վէրքերով կանգնած ես դու կենդանի,
Կանգնած խոհո՜ւն, խորհըրդավոր ճամբին նորի ու հընի.
Հառաչանքով սըրտի խորքից խօսք ես խօսում աստծու հետ
Ու խորհում ես խորին խորհուրդ տանջանքներում չարաղէտ,
Խորհում ես դու էն մեծ խօսքը, որ տի ասես աշխարհքին
Ու պիտ դառնաս էն երկիրը, ուր ձըգտում է մեր հոգին:
Յոյսի՜ հայրենիք,
Լոյսի՜ հայրենիք։»
Հիմա հայրենիքը կանգնած է «խորհրդաւոր ճամբին նորի ու հընի», այս կամ այն կայսրութեան հպատակի վիճակէն դուրս եկած է, ինչո՞ւ լքել այդ հայրենիքը, որ կ’ընթանայ դէպի նորը, ինչո՞ւ չհամախմբուիլ ոչ որպէս սոսկ բարեսէր կամ զբօսաշրջիկ, այլ որպէս տէր եւ մասնակից: Հայը իր հայրենիքին նկատմամբ ինչպէ՞ս կրնայ արտադրող-սպառողի վերաբերում ունենալ, եւ իր զաւակին խոստանալ ովկիանոսէն անդին «նոր հայրենիք», ուր իր ինքնութիւնն ալ պիտի փոխարինուի նորով մը:
Միթէ՞ հայը կը սարսափի ազատ հայրենիքէն, երբ ուրիշներու հպատակ չէ
Ի՜նչ պարտութիւն… Ի՜նչ հոգեկան դատարկութիւն:
Այդ «նոր հայրենիք»ը ի՞նչ վարկ կրնայ տալ եւ ի՞նչ վստահութիւն ունենալ այն մօր եւ հօր նկատմամբ, որոնք իրենց զաւակը հեռացնեն իրենց նախահայրերու հայրենիքէն եւ հրաժարումով կը խոստանան նոր հայրենիք…
Այս «նոր հայրենիք»ի զառանցանքին ենթարկուողներու քննադատութիւնը պէտք չէ մոռցնէ նաեւ, որ ղեկավարութիւնները թերացան, ազգային գաղափարախօսութիւնը բացակայեցաւ, բացակայեցան նախաձեռնութիւնները, ժողովուրդին հրամցուած նորաստեղծ սակաւապետութեան (օլիկարխներու) պատկերը պատճառ-պատրուակ հանդիսացաւ լքումներու:
«Յոյսի եւ լոյսի հայրենիք»ի բանաստեղծը, Յովհաննէս Թումանեան, Աւետիք Իսահակեանին ուղղուած նամակի մը մէջ, 1921-ին, ընդվզումի բիրտ խօսքեր ունի: Կ’ըսէ.
«… Մենք թէ դրսից, թէ ներսից քանդեցինք մեր երկիրը: Գլխաւորապէս մենք: Մենք եմ ասում, եւ սրա մէջն է ճշմարտութիւնը: Մի մասը խաչագող սրիկաներ, մի մասը գողեր ու աւազակներ, եւ չերեւաց մի բազմութիւն, գոնէ մի խմբակ, որ վերածնուող երկրի շունչն ու բարոյական կարողութիւնը յայտնաբերէր: Էսքան աղէտների ու պարտութիւնների մէջ ոչ մի մեղաւոր չերեւաց, ոչ ոք պատասխանի կանչուեց, ոչ պատասխան տուեց: Եւ շարունակւում է… Եւ ոչ մէկը գոնէ անձնասպան չեղաւ, որ ապացուցանէր, թէ գոնէ ամօթ ու խղճմտանք կայ էս մարդկանց մէջ: Բայց ես ի՞նչ եմ ասում – չկարողացան գոնէ վշտանալ կամ վշտացած երեւալ»: (Յովհաննէս Թումանեան, «Մտքեր», Արեւելք-Արեւմուտք մատենաշար, 2011)
Անցեալին բազմիցս գրեցի եւ խօսեցայ հաշուետութեան մասին: Խորհրդային հաւասարութեան համակարգէն հազիւ դուրս եկած, ինչպէս սակաւապետութեան մը անդամները տէր դարձան մեծ կալուածներու եւ աստղաբաշխական գումարներու: Օրին, վարչապետի մը ուղղեցի հարցումը, թէ ինչո՞ւ այդ հաշուեքննութիւնը, audit-ը, չի կատարուիր: Ըսաւ. «Աուտիթ կ’անենք»: Այդ «աուտիթ»ը չեղաւ: Ըլլար՝ կ’իմանայինք:
Եթէ այդ «աուտիթ»ը ըլլար, եթէ Յովհաննէս Թումանեանի ըսած «ամօթը եւ խղճմտանքը» նաեւ օրէնքով ինքզինք պարտադրէր, «նոր հայրենիք» փնտռելու համար մեկնողները պատճառ-պատրուակ չէին ունենար:
Հայրենադարձութեան առջեւ կը բացուէր լայն ճամբայ: Թէեւ, 1920-ին, նոյն Յովհաննէս Թումանեանը ըսած էր.
«Ամէն մի հայ պէտք է զգայ, իր ինքն Ազատ Հայաստանի քաղաքացի է եւ գալիս է գործակցելու իր կառավարութեանը:
«…Հայաստանի ազատ հողի վրայ նա շինելու է իր ազատ ու առատ տունը, Հայկական Բարձրաւանդակի վրայ զարգացնելու է իր ազգային հանճարը եւ իր խօսքն ասելու է աշխարհքին:» (Հայաստանի օգնութեան կոմիտէի անունով, 1920, նոյն տեղը):
Արտագաղթը եւ հայրենադարձ կազմակերպելու անկարողութիւնը դատելով, օր մը հայ պատմաբանը, եթէ այդ մարդատեսակը մնացած ըլայ, պիտի ըսէ՞, Յովհաննէս Թումանեանի հետեւութեամբ. «Մենք թէ դրսից, թէ ներսից քանդեցինք մեր երկիրը»:
Ի՞նչ կը մտածէ այս մասին, հայ մայրը, որ զինք եւ իր զաւակը ովկիանոսէն անդին տանող օդանաւին մէջ, իր հայ մանչուկին ըսած է.
– ՄԱՆ՛ՉՍ, ՀԻՄԱ ՆՈՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԴ ՊԻՏԻ ԵՐԹԱՍ…
Շահմուրատեանի երգած «Անտունի»ն եթէ փնտռենք եւ լսենք, կը հասկնանք, որ իրաւ հայրենիքի «էն փլած տներ»ուն եւ անոնց «քանդուած գերաններ»ուն տէր կ’ըլլանք, պահելու համար նախահայրերու ժառանգութիւնը, տարբեր՝ «ուր հաց հոն կաց»ի խեղճացած հոգիներու քաղաքականութենէն:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles