Լրահոս

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին.- Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ժողով

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին  Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Դեկտեմբերի 18-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի՝ Հայաստանի մէջ բնակող անդամներու ժողովը։

Ժողովին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ իրականացուող բռնաճնշումներուն, տասը եպիսկոպոսներու խոտոր ընթացքին եւ անոր պառակտիչ հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ շուրջ տիրող իրավիճակը յաղթահարելու ուղիներուն։

Քննարկման նիւթ դարձան հոգեւորականներու եւ Եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակներու դէմ իրականացուող ապօրինի հետապնդումները եւ իրաւական գործընթացները։ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը վերահաստատեց իր պահանջը Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ եւ դատական մարմիններէն՝ ապահովելու արդարադատութիւն եւ օրինականութիւն շինծու մեղադրանքներով ազատազրկուած հոգեւորականներուն, ազգային բարերարին եւ այլ նուիրեալ հայորդիներուն նկատմամբ։ Շեշտուեցաւ, որ Մայր Աթոռը պէտք է բոլոր հասանելի օրինական միջոցներով, հետամուտ ըլլայ Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցապատկան բռնազաւթուած սրբավայրերու վերադարձին։

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը դատապարտելի նկատեց իշխանութիւններու, մասնաւորապէս վարչապետին միջամտութիւնները Հայոց Եկեղեցւոյ ներքին կեանքին եւ կանոնական դրոյթներուն, որոնք կը հակասեն հայրենի երկրի Մայր Օրէնքին, կը վիրաւորեն հայ ժողովուրդի կրօնական ապրումները եւ կը ոտնահարեն Հայոց Եկեղեցւոյ իրաւունքներն ու դարերով սրբագործուած աւանդութիւնները։

Անդրադառնալով տասը եպիսկոպոսներու խոտոր ընթացքին, միաբանութենէն ինքնամեկուսացմանը եւ ԳՀԽ անդամ եպիսկոպոսներու ժողովներէն բացակայութեան՝ ԳՀԽ-ն իր խոր մտահոգութիւն յայտնեց անոնց որդեգրած պառակտիչ կեցուածքին առնչութեամբ՝ զայն դիտարկելով որպէս խախտում իրենց հոգեւոր ուխտին եւ հարուած Եկեղեցւոյ միասնականութեան։ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը անընդունելի նկատեց նաեւ եպիսկոպոսներու կողմէ բարձրաձայնուած անհիմն մեղադրանքները եւ անոնց արծարծման կերպերը՝ կարեւորելով, որ անոնք հրաժարին պարտադրուած, հակականոնական օրակարգերէն եւ վերադառնան Մայր Եկեղեցւոյ գիրկը՝ առաջնորդուելով բացառապէս եկեղեցական կանոնական ընթացակարգերով։

Եկեղեցւոյ եւ անոր աշխարհասփիւռ հօտին համար մտահոգիչ ու անցանկալի այս իրավիճակը յաղթահարելու հրամայականէն ելլելով՝ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը հրատապ նկատեց մօտ ապագային Եպիսկոպոսաց ժողովի գումարումը։

Ժողովին առաջարկ ներկայացուեցաւ նաեւ համապատասխան քայլեր ձեռնարկելու միջազգային կազմակերպութիւններու եւ իրաւապաշտպան կառոյցներու հետ գործակցութեան ուղղութեամբ՝ կասեցնելու պետական քարոզչամեքենային կողմէ Եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակի մասին տարածուող թիւր ընկալումները։

Անդրադառնալով ժողովէն առաջ՝ երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին, Մայր Տաճարի շրջափակման ժամանակ եպիսկոպոսաց կողմէ կազմակերպուած հաւաքի պատճառով հրահրուած անկարգութիւններուն՝ Գերագոյն Հոգեււոր Խորհուրդը դատապարտեց վանքի հոգեւոր մթնոլորտը խաթարած հակաօրինական գործողութիւնները։ Ժողովականները իրենց գնահատանքը յայտնեցին նաեւ հաւատաւոր ժողովուրդին, որ հակառակ կազմակերպուած խժդժութիւններուն՝ դրսեւորեց զգօնութիւն, եկեղեցանուէր նուիրում եւ հաւատարմութիւն։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button