Յօդուածներ
ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ.- Արամ Մանուկեան Հիմնարկը Լոյս Ընծայեց Հայաստանի Բարձրագոյն Կրթութեան, Հետազօտութեան եւ Նորարարութեան Ապագային Նուիրուած Տեղեկագիր Մը

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ (Մասաչուսէց).- Արամ Մանուկեան ռազմավարական ծրագրի հիմնարկը (Aram Manoukian Institute for Strategic Planning — AMI) հրապարակեց քաղաքականութեան վերաբերեալ համապարփակ նոր տեղեկագիր-զեկոյց մը, որ կ՚ուսումնասիրէ Հայաստանի բարձրագոյն կրթութեան, հետազօտութեան եւ նորարարութեան ներկայ վիճակը եւ կը ներկայացնէ երկարաժամկէտ ռազմավարութիւն մը՝ այս ոլորտը տնտեսական զարգացման, արհեստագիտական մրցունակութեան եւ ազգային դիմակայունութեան շարժիչ ուժի վերածելու համար։

