
Փետրուար 8ին, 90 տարեկան հասակին, Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ամերիկահայ պատմաբան Մարճըրի Յովսէփեան-Տոպքին: Ան ծանօթ էր ի մասնաւորի Մեծ Եղեռնի ու Իզմիրի աղէտին նուիրուած իր աշխատանքներով:
Մարճըրի Յովսէփեան ծնած էր Նիւ Եորք, 1922ին, դուստրը` յայտնի բժիշկ եւ հանրային գործիչ Մովսէս Յովսէփեանի (1876-1954), որ Մեծ Եղեռնի օրերուն Ամերիկայէն Կովկաս գացած էր` գաղթականներուն իր օժանդակութիւնը բերելու: Շրջանաւարտ` “Պարնարտ“ գոլէճէն (Գոլումպիա համալսարանին կից` աղջկանց յայտնի համալսարան), 1957-1993ին գրականութեան դասախօս եւ ուսմանց օգնական տեսուչ եղած է նոյն գոլէճին մէջ:
Մ. Յովսէփեան ասպարէզ մտած էր որպէս գրող: Հայկական նիւթով առաջին վէպը` “Սիրալից տուն մը“ (A Houseful of Love), 1957ին “Նիւ Եորք Թայմզ“ի ամենէն ծախուող գիրքերու ցանկին մաս կազմած էր ու թարգմանուած` զանազան լեզուներու:
Սակայն, ան յատկապէս յայտնի դարձած է 1966ին գրած ընդարձակ յօդուածով` “Չյիշուող ցեղասպանութիւնը“ (The Unremembered Genocide), որ լոյս տեսած էր հրէական ծանօթ հանդէսին` “Commentary“ի մէջ, ժամանակի մը, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնը տակաւին մոռացութեան մատնուած էր ոչ-հայկական շրջանակներու մէջ: Անոր յաջորդած է Իզմիրի աղէտին նուիրուած հատորը (1971)` “Իզմիրի հարցը“ (The Smyrna Affair), որ կը մնայ քէմալական ուժերու սարքած հրդեհին լաւագոյն ուսումնասիրութիւններէն մէկը` ըստ գիտական շրջանակներու:
Մարճըրի Յովսէփեան-Տոպքին նաեւ կարեւոր դեր խաղացած է Գոլումպիա համալսարանի հայագիտական ամպիոնի հաստատման մէջ` 1970ական թուականներու վերջաւորութեան: 1980ական թուականներուն արժանացած էր Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի “Անանիա Շիրակացի“ մրցանակին: