Լրահոս

Ճէյ․ Տի․ Վենս Ժամանեց Հայաստան

ԵՐԵՒԱՆ․- Ա․Մ․Ն․-ի փոխնախագահ Ճէյ․ Տի․ Վենս՝ իր կողակիցին եւ երկու զաւակներուն հետ երկօրեայ պաշտօնական այցով, 9 Փետրուար կէսօրէ ետք ժամանեց Հայաստանի Հանրապետութիւն։

«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ պատուիրակութեան դիմաւորեցին Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը եւ Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը։ Ճէյ․ Տի․ Վենս օդակայանէն մեկնեցաւ Հ․Հ․ նախագահական նստավայր, ուր տեղի ունեցաւ Հ․Հ․ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ իր հանդիպումը։

Հանդիպման աւարտին Փաշինեան եւ Վենս հանդէս եկան յայտարարութիւններով։ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի այցի ընթացքին պիտի ըլլան զարգացումներ, որոնք աւելի պիտի խորացնեն Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւնները՝ թոյլ տալով համագործակցութեան նոր ոլորտներ բացայայտել։ Ճէյ․ Տի․ Վենսի այցին ընդառաջ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց` Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման պահանջով։

Վենս խօսեցաւ ԹՐԻՓՓ ծրագրին մասին՝ ընդգծելով, որ այն տնտեսական նոր հեռանկարներ պիտի բանայ Հայաստանի համար։ «Այն շրջան պիտի բերէ արմատական վերափոխում։ Նոր աշխարհ մը պիտի բացուի միջազգային առեւտուրի, փոխադրութեան եւ ուժանիւթի հոսքի համար, որ աննախադէպ կապ պիտի ապահովէ Հայաստանի եւ հարեւան երկիրներուն միջեւ։ Սա հոյակապ է ոչ միայն հայ ժողովուրդի բարգաւաճման համար, այլեւ նպաստաւոր է խաղաղութեան։ Երբ դուն կը կապես ուժանիւթի ոլորտը, տնտեսութիւնը եւ այլն, կը նպաստես խաղաղութեան։ Մենք կ’ուզենք ոչ թէ պարզապէս խաղաղութիւն հաստատել, այլ որ այդ կերտուած խաղաղութիւնը գոյատեւէ», ըսաւ Վենս։

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button