Հ.Օ.Մ.Ի ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԱՍՆԱճԻՒՂԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԱՆԴԱՄԱՐՇԱՒԸ
ՄԱՐԻԱ ՇԱՄԼԵԱՆ ԵՓՐԵՄԵԱՆ
Գարնանամուտէն քանի մը օր առաջ, Շաբաթ Մարտ 17ին տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի Հայ Օգնութեան Միութեան “Մայր“ մասնաճիւղի տարեկան անդամարշաւը ընկհ. Անայիս Չոլաքեանի բնակարանին մէջ:
Գարունը նոր կեանք եւ նոր յոյս ներշնչող, եղանակէ, եւ այս գեղեցիկ խորհուրդէն օգտուելով Հ.Օ.Մ.ի “Մայր“ մասնաճիւղը այս օրերուն կը կազմակերպէ իր տարեկան անդամարշաւը որուն նպատակն է վերանորոգել ընկերուհիներու ծանօթութիւնը Հ.Օ.Մ.ի պատմութեան եւ տարած աշխատանքներուն` ինչպէս նաեւ նորեկներու ծանօթացնելով վերոյիշեալ նիւթերը, քաջալերել անոնց անդամակցութիւնը Հայ Օգնութեան Միութեան:
Մասնաճիւղիս ատենապետուհին Ընկհ. Անայիս Չոլաքեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց երեցկին Վարդուհի Տէր Գալուստեանը որը յարատեւ կերպով զօրաւիգ եղած է Հ.Օ.Մ.ին, եւ միշտ ներկայ ըլլալով ինքնակամ օգնած է մասնաճիւղիս բոլոր ձեռնարկներուն: Ընկհ. Անայիս շնորհակալութիւն յայտնեց իր նուիրումին համար եւ զինք Հ.Օ.Մ.ի Պատուոյ անդամ յայտարարելով, պարգեւատրեց Հ.Օ.Մ.Ի սրտաձեւ ոսկեգոյն մէտալը նուիրելով:
Նոյն օրը երկու նոր երիտասարդ անդամուհիներ ունեցանք Ռէյչըլ Նաճարեան եւ Լիզա Բարնակեան որոնք անդամակցեցան Հ.Օ.Մ.ի “Մայր“ մասնաճիւղին:
Ապա Ընկհ. Անահիտ Ուղուրլաեան անգլերէնով ներկայացուց Հ.Օ.Մ.ի համառօտ պատմութիւնն ու հարիւր տարիներու գործունէութիւնը:
Տէրունական աղօթքէն ետք բոլոր ներկաները վայելեցին ընկերուհիներուն պատրաստած պահքի համեղ ճաշերը:
Ճաշէն ետք Ընկհ. Չոլաքեան հրաւիրեց Մ.Ա.Կ.ի մէջ Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ նշանակուած, համակարգողի պաշտօն վարող Ընկհ. Հուրի Կէօտէլէքեանը որը ընկերուհիներուն փափաքին` տեղեկութիւններ տուաւ Մ.Ա.Կ.ի մէջ Հ.Օ.Մ.ի տարածաշխատանքներուն մասին: Ան ըսաւ “Հ.Օ.Մ.ը Ա.Մ.Ն.ի եւ Մ.Ա.Կ.ի ծիրին մէջ տուրքէ զերծ բարեսիրական կազմակերպութիւն մըն է: Հիմնուած է 1910ին եւ կը գործէ 27 երկիրներու մէջ մարդասիրական ծառայութիւններ մատուցանելով ՀԱՅ եւ ոչ ՀԱՅ հասարակութեան:Ունի 15,000 անդամանդամուհիներ: Հ.Օ.Մ.ը շատ յարգուած եւ սիրուած կազմակերպութիւն մըն է“: Ան եզրակացուց իր խօսքըշեշտելով որ “նոր ընկերուհիներ ունենալով եւ բազմապատկելով մեր համագործակցութիւնը մեր դիրքը իբրեւ Հ.Օ.Մ. աւելի կրնայ զօրանալ Մ.Ա.Կ.ին մէջ եւ այս հաւատքով կրնանք օգտակար դառնալ Հայաստանին Մ.Ա.Կ.ի միջոցաւ“:
Ընկհ. Հուրիի խօսքէն ետք ներկաները դիտեցինԳիւմրիի մէջ Հ.Օ.Մ.Ի հիմնադրած “Մօր ու Մանկանց“ վերանորոգուած Կեդրոնի հաստատութեան մասին շատ հետաքրքիր եւ տպաւորիչ խտատեսիլ մը:
Այս տարի մեր անդամարշաւի 22րդ տարեդարձն էր: Այս գեղեցիկ եւ մտերմիկ ձեռնարկը կատարուեցաւ հաճելի մթնոլորտի մէջ:
Աւարտին Ընկհ. Չոլաքեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերուհիներուն, որ մասնակցեցան ու քաջալերեցին ձեռնարկը, եւ ըսաւ “իմ տանս դռները միշտ բացէ Հ.Օ.Մ.ին համար, ԲԱՐԻ ԵԿԱՔ Հ.Օ.Մ.ուհիներ“:
Ընկերուհիները մեկնեցան գոհ եւ վերանորոգուած խոստանալով շարունակել նոյն կորովով Հ.Օ.Մ.ին զօրաւիգ կենալ:


