
Հոկտեմբեր 14, 2012-ին, Լոնտոնի “Նաւասարդեան“ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի Մեծն Բրիտանիոյ մասնաճիւղի 30-ամեակի տօնակատարութիւնը, մասնակցութեամբ, 12 Հոկտեմբերին Լոնտոն ժամանած, Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեանի եւ շարք մը հրաւիրեալներու, որոնց կարգին` ՀՅԴ կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Ժորժ Յովհաննէսեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Խորհրդական Ա. Մարգարեան` որոնք իրենց շնորհաւորական խօսքն ու բարեմաղթութիւնները ուղղեցին Միութեան 30-ամեայ մասնաճիւղի վարչական կազմին ու ներկայ բոլոր Հ.Օ.Մ.ուհիներուն:
Ապա, Սուրբ Եղիշէ եկեղեցւոյ Հովիւ Տէր Ն. Աւագ Քահանայ Ներսէսեան, շնորհակալութիւն յայտնելով մասնաճիւղի վարչութեան, գովաբանեց Հ.Օ.Մ.ուհիները, որոնք իրենց պարկեշտ ու խոնարհ ծառայութեամբ օգնութիւն կը հասցնեն հոն` ուր կարիքը կայ: Մասնաճիւղի ատենապետ Ժանէթ Մարտիրոսեան իր խօսքին մէջ նկարագրականը ըրաւ միաւորի աշխատանքներուն ու գնահատանքը արձանագրեց ամէն մէկ Հ.Օ.Մ.-ականի նուիրումին:
Խօսքը ուղղելով այս ճոխ հիւրասիրութեան մասնակիցներուն (որոնց շարքին էին բազմաթիւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, Հ.Օ.Մ.-ականներ ու Բրիտանիոյ համայնքային եւ եկեղեցական խորհուրդի ատենապետ Ա. Փալամուտեան ), Վիգի Մարաշլեան, շինիչ ու բանիմաց խօսքերով ներկայացուց Հ.Օ.Մ.-ի 100-ամեայ գործունէութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն, ծանրանալով Որբախնամ Ծրագիրներու տարողութեան վրայ: Ան իր գնահատանքը արձանագրեց 30-ամեայ Հ.Օ.Մ.-ի միաւորին, որ ճիգ չի խնայեր ո՛չ միայն տեղական կարիքները բաւարարելու, այլ մասնակից է միութեան համահայկական բոլո՛ր ծրագիրներուն – հայրենի տարածքներէն մինչեւ Միջին Արեւելք ու այլուր: Ատենապետուհիին խօսքէն ետք, ցուցադրուեցաւ 100-ամեակի տեսաներիզը` հարուստ նկարազարդ տեղեկութիւններով Հայ Օգնութեան Միութեան մասին:
Այս յիշատակելի երեկոյթին յաջորդ օրն իսկ, Հոկտեմբեր 15-ին, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհին ներկայ գտնուեցաւ “Նաւասարդեան“ Կեդրոնին մէջ կայացած Հ.Օ.Մ.-ի մասնաճիւղին բացառիկ անդամական ժողովին` ուր վարչութեան ատենապետուհին` Ժանէթ Մարտիրոսեան Հ.Օ.Մ.-ականներուն ներկայացուց Վիգի Մարաշլեանը` որ ըստ պատշաճի փոխանցեց Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան պատգամը, տալով լուսաբանիչ պատասխաններ եղած զանազան հարցումներուն. ապա Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Մեծն Բրիտանիոյ մասնաճիւղը պարգեւատրուեցաւ յատուկ Գնահատագրով մը` քսանամեայ Որբախնամ Ծրագրին իր բերած յարատեւ ծառայութեան համար: Նոյն երեկոյթի ընթացքին, մասնաճիւղի երկու ընկերուհիներ, Ժաքլին Գարանֆիլեան եւ Սաթենիկ Անտոնեան պարգեւատրուեցան 25-ամեայ ծառայութեան յատուկ կրծքի նշանակներով:
Կ’արժէ նշել, որ Հոկտեմբեր 16-ին, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը, մասնաճիւղի վարչական ընկերուհիներու ընկերակցութեամբ, այցելեց առողջական պատճառներով միութենական գործօն աշխատանքէ դադրած երախտաշատ անդամներ Ռուբինա Պօղոսեանին եւ Յասմիկ Գասպարեանին: