
ՀԱԼԷՊ («Գանձասար»).- Սեպտեմբեր 5-ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան կողմէ Հ.Օ.Մ.-իվառելանիւթի յատկացուած գումարի բաշխումը:
Տեղւոյն Շրջանային Վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Սօսի Փիլաւճեան, ողջունելով ներկաները. աննախ շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Օ.Մ.-ի Կեդր. Վարչութեան, մաւանադ Հ.Օ.Մ.-ի Ամերիկայի ՄիացեալՆահանգներու Արեւելեան մասնաճիւղի անդամներուն եւ նուիրատուներուն, որոնց աշխատանքի եւհանգանակած գումարներու շնորհիւ սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքները կը ստանան յատկացուածվառելանիւիթի գումարը: Ան նոյնպէս համառօտ ձեւով անդրադարձաւ տագնապի ընթացքին Ս.Օ.Խաչի,անկախ Հ.Օ.Մ.-ի ծրագիրներէն, կատարած աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն ապա մաղթեց, որշուտափոյթ վերջ գտնէ Սուրիոյ ժողովուրդի տառապանքները, ինչպէս նաեւ իր ջանասիրութեամբ յայտնիսուրիահայը կրկին բանեցնէ իր հնոցը եւ վերատիրանայ շինականի ու ծաղկեցնողի երբեմնի իր բարիհամաբաւին, առիթ չտալով ոչ մէկ կարիքաւոր հայ ընտանիքի գոյացման:
Հանդիպման աւարտին գումարները, ըստ ցանկերուն, յանձնուեցան իրենց հասցէատէրերուն: Սուրիոյ հինգ տարիներէ ի վեր երկարող տագնապի առաջին իսկ օրերէն Հ.Օ.Մ.-ը իր գլխաւորմասնաճիւղերէն` Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի միջոցաւ կրցաւ իր կարեւոր ու կենսական նպաստը բերելպատերազմէն տուժողներու մատուցելով տաք ճաշ նպաստընկալներուն, պետականօրէն բաժնուող 200 լիթրվառելանիւթի փոխարժէքի յատկացում: