ԱզգայինՅօդուածներ

Հ.Օ.Մ.Ի ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱՅ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԵՐԷՆ. ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ

Ըստ այլազան աղբիւրներու, ներկայիս Գերմանիոյ մէջ կան շուրջ 25.000 հայ բնակիչներ եւ մօտ 15.000 հայեր, որոնք կը սպասեն իրենց կեցութեան օրինականացման: Այս բնակչութիւնը ընդհանրապէս կեդրոնացած է ՄէքլէնբուրգԱրեւմտեան Պոմերանիոյ մէջ: Ինչպէս Սփիւռքի այլ երկիրներու պարագային, հայերը Գերմանիա կը գաղթէին 1915ի Ցեղասպանութենէն ետք: Երկրին առաջին հայկական կազմակերպութիւնն էր, 1923ին հիմնուած՝ Պերլինի Հայ Գաղութ միութիւնը: Աւելի ուշ, քաղաքական աննպաստ պայմաններու հետեւանքով, Իրանէն, Ատրպէյճանէն ու Լիբանանէն կը հասնէին այլ գաղթականներ, որոնց կը հետեւէին որոշ թիւով թրքահայեր:
Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ետք, Սովետական միութենէն գերի բռնուած հայազգի զինուորներ կը փախչէին դէպի գրաւուած Գերմանիոյ ամերիկեան շրջանը: Թէեւ շատերը կը շարունակէին իրենց գաղթը դէպի արեւմուտք, որոշ թիւով հայեր կը մնային ու կը հաստատուէին Արեւմտեան Գերմանիոյ այլազան քաղաքներուն մէջ: Միչեւ 1975 թուականը, Համպուրկի, Պերլինի, Քէօլնի, Ֆրանքֆուրթի, Շթութկարթի եւ Միւնիխի մէջ արդէն կազմուած էին հայկական միութիւններ: Ութսունական թուականներուն, այլ միութիւններ եւս կը հիմնուէին Պրեմընի, Պրաունսշվայկի, Տուիսպուրկի, Նէօվիտի, Պոննի, Հանաուի, Էփինկընի, Նիւրընպերկի եւ այլ կեդրոններու մէջ:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button