

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2013ին, Պոսթընի արուարձաններէն` Ուաթըրթաունի “Բաբգէն Սիւնի“ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Միջ-վարչական ժողով` Գանատայի, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու Շրջանային վարչութիւններու մասնակցութեամբ: Կեդրոնական Վարչութեան եւ նշեալ Շրջանային վարչութիւններու անդամներուն կողքին, հանդիպման նաեւ ներկայ էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Միօրեայ ժողովը բացուեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի երգեցողութեամբ, որմէ ետք ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի` Վիգի Մարաշլեան բարի գալուստի խօսքերով ողջունեց ներկաները:
Ժողովականներու ծանօթացումէն ետք, Վիգի Մարաշլեան հակիրճ ձեւով ներկայացուց Միութեան գործունէութիւնը եւ ներկայ ժողովի նպատակը:
Ժողովը յատկապէս կեդրոնացաւ Հ.Օ.Մ.-ի հետեւեալ ծրագիրներուն վրայ.- Ախուրեանի Հ.Օ.Մ.-ի Մօր ու Մանկան Առողջապահական Կեդրոն, Արցախի Հ.Օ.Մ.-ի “Սօսէ“ Մանկապարտէզներ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակման ձեռնարկներ, Մ.Ա.Կ.-ի գործունէութիւն, Ռազմավարական Ծրագրում, Սուրիահայութեան օժանդակութեան ծրագիրներ, Ուղեկից եւ այլ կազմակերպութիւններու հետ փոխ-յարաբերական գործունէութիւն:
Հայաստանի ծրագիրներու նկատմամբ, Կեդրոնական վարչութեան անդամ` Ալեսիա Պեճանեան առաւել տեղեկութիւններ ներկայացուց, մինչ Մ.Ա.Կ.-ի ծիրէն ներս Հ.Օ.Մ.
-ի գործունէութեան մասին զեկուցեցին Կեդրոնական վարչութեան անդամներ` Փայլուն Կեցոյեան եւ Ռոզի Պետրոսեան:
ՀՕՄ-ի Ռազմավարական Ծրագրումի սկզբնական աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններ տուաւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ` Կրասիէլա Գէորգեան, որմէ ետք Ռազմավարական Ծրագրումի յանձնախումբի անդամ` Նայիրի Տէրտէրեան ներկայացուց յանձնախումբին տարած աշխատանքը, ապագայ քայլերն ու հեռանկարները:

Ժողովի ընթացքին, համացանցի միջոցաւ Հալէպէն կապ հաստատեց Կեդրոնական վարչութեան անդամ` Զէփիիռ Է. Րէիսեան, որ զեկուցեց Սուրիոյ նոր մարտահրաւէրներուն եւ երկրին կենցաղային դժուարութիւններուն մասին, կեդրոնանալով Հ.Օ.Մ.-ի տարած աշխատանքներուն, օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ բնակչութեան անմիջական կարիքներուն հետ կապուած նիւթերուն շուրջ:
Օրուան ընթացքին, իւրաքանչիւր նիւթի քննարկման ժամանակ առիթ տրուեցաւ հարցում-պատասխաններու եւ կարծիքներու փոխանակման:
Հ.Օ.Մ.-ի Գանատայի, Ա.Մ.Ն.-ի Արեւելեան եւ Արեւմտեան Շրջանային վարչութիւններու ատենապետուհիներ` Սեդա Մալխասեան, Անի Աթթար եւ Լենա Պօզոյեան, յաջորդաբար, ներկայացուցին իւրաքանչիւր շրջանի տարեկան գործունէութիւնը, ծրագիրները, արձանագրուած յաջողութիւններն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները, միաժամանակ փոխանցելով իրենց ակնկալութիւններն ու թելադրանքները:
Ժողովի վերջին մասը յատկացուեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի գործունէութեան բարելաւման հարցերու եւ անոնց հետ կապուած առաջարկներու. մասնաւորապէս ֆինանսական, կառուցային եւ կազմակերպական ոլորտներուն մէջ:
Ֆինանսական պատկերը ներկայացուց Կեդրոնական վարչութեան գանձապահ` Գարոլին Շմաւոնեան, մինչ կազմակերպութեան գործունէութեան քարոզչական ու հանգանակութեան ծրագիրներու նկատմամբ պրոշիւրներու պատրաստութեան մասին խօսք առաւ Կեդրոնական վարչութեան փոխ-ատենապետուհի` Նայիրի Շահինեան:

Գիտակից աշխարհատարած իր կառոյցի հզօրացման կարեւորութեան եւ հետեւելով Հ.Օ.Մ.-ի Համահայկական Ժողովի որոշումներուն, Կեդրոնական վարչութիւնը նախաձեռնեց այս հանդիպումը որպէս ցամաքամասային առաջին փորձ` նշեալ Շրջանային վարչութիւններու կողքին մէկտեղելով նաեւ Ռազմավարական Ծրագրումի եւ Կանոնագրի յանձնախումբերը:
Հ.Օ.Մ.-ի միջ-վարչական այս արդիւնաւոր ժողովը առիթ մը ընծայեց Հիւսիսային Ամերիկայի Հ.Օ.Մ.-ի շրջաններու ղեկավարութեան համադրելու իրենց գործունէութիւնը եւ նոր թափով շարունակելու Միութեան ներկայ ու ապագայ ծրագիրներու իրականացումը:
Մեկնելով այս առաջին միջ-վարչական ժողովի դրական արդիւնքէն, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը ծրագրէ նոյնանման ժողովներ կազմակերպել այլ ցամաքամասերու մէջ եւս, համախմբելով աշխարհասփիւռ Հ.Օ.Մ.-ականնեն ու վառ պահելով Միութեան առաքելութիւնը: