Հ.Օ.Մ.-Ի “ԾՆՈՂԱԶՈՒՐԿ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ“ ԾՐԱԳՐԻ 20-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 30 Second

Սեպտեմբեր 30, 2012-ին, Երեւանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմիական թատրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի “Ծնողազուրկ երեխաներու հովանաւորութեան“ ծրագրի քսանամեակին նուիրուած հանդիսութիւն մը: Ձեռնարկը կայացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի հովանաւորութեամբ եւ իր ներկայութեամբ: Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, Պաշտպանութեան նախարարի ներկայացուցիչ, Պաշտպանութեան փոխ-նախարար Արա Նազարեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեանը, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչներ, պաշտօնատարներ, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, զանազան երկիրներէ եկած Հ.Օ.Մ.-ի անդամներ եւ հոծ բազմութիւն: Ներկաներուն մէջ մեծ թիւ կը կազմէին Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններէն եկած Հ.Օ.Մ.-ի ծնողազուրկ երեխաներու ծրագրի սաներ, ինչպէս նաեւ ներկայիս Հայաստան գտնուող սուրիահայ երեխաներ:

Հանդիսութեան բացումը կատարելով հանդիսավարները բեմ հրաւիրեցին ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ.ի ներկայացուցիչ Գէորգ Եպիսկոպոս Սարոյեանը, որ ընթերցեց Վեհափառ Հօր օրհնութեան գիրը: Ապա ընթերցուեցաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառի օրհնութեան գիրը: Ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը, որ շեշտեց, թէ “իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքում Հ.Օ.Մ.-ը եղել է այնտեղ, որտեղ հայն ունեցել է օգնութեան կարիք: Հ.Օ.Մ.-ը երբեւէ չի զբաղուել ինքնագովազդով(…): Հ.Օ.Մ.-ն իր նուիրական գործունէութեամբ փորձել է դժուարութեան պահին հասնել հային եւ օգնել նրան, հենց դրանով էլ այս միութիւնը վայելում է մեր ժողովրդի յարգանքն ու սէրը“: Իր շնորհաւորագրին մէջ, ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը վստահութիւն կ’արտայայտէր, որ Հ.Օ.Մ.-ը “պիտի շարուակէ օժանդակել նոր սերունդի կրթական, առողջապահական եւ բարեգործական ծրագրերու իրագործման, նիւթապէս ապահովել կարիքաւորներին, սատարել շնորհալի ուսանողներին եւ երեխաներին“: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՀ Ազգային Ժողովի անդամ Վահան Յովհաննիսեանը շեշտեց, որ 1992-ին հաստատուած Հ.Օ.Մ.-ի ծնողազուրկ երեխաներու ծրագիրը յանդուգն ու ազգանուէր քայլ էր, որ կը կատարուէր փորձառու կազմակերպութեան մը կողմէ, խիստ իմանալով որ ապագան մութ է եւ պատերազմը կրնայ երկարիլ ու միութեան բեռը ծանրացնել: Ան ընդգծեց, որ ամէն դաշնակցական եւ ամէն հայ հպա՛րտ պէտք է զգայ, որ իր կողքին կանգնած է Հ.Օ.Մ.-ի նման բարեսիրական կազմակերպութիւն մը:

Յաջորդիւ, բեմի վրայ կողք-կողքի կանգնեցան Թաթուլ Կրպէյեանի եւ Սիմոն Գասպարեանի դուստրերը, երկու զոհուած ազատամարտիկներու զաւակներ, առաջինը` Հայաստանէն, երկրորդը` Արցախէն: Հ.Օ.Մ.-ի “Ծնողազուրկ երեխաներու հովանաւորութեան“ ծրագրի երկու սաները իրենց երախտիքը արտայայտեցին Հ.Օ.Մ.-ի եւ սփիւռքահայ բոլոր բարերարներուն, որոնք իրենց կողքին կեցան իրենց կեանքի դժուարին հանգրուաններուն: Ասպրամ Կրպէյեանն ու Սիմոնա Գասպարեանը իրենց ելոյթներուն մէջ շեշտեցին, որ շատ լաւ կը հասկնան սուրիահայ պատանիներու եւ երիտասարդներու տառապանքը եւ մաղթեցին, որ ինչպէս որ յաղթանակը խաղաղութիւն բերաւ Արցախին ու Հայաստանին, խաղաղութիւն տիրէ նաեւ Սուրիոյ մէջ եւ բնականոն կեանքի վերադառնան սուրիահայ իրենց տարեկիցները:

 

Յաջորդիւ բեմ բարձրացաւ Արցախի “Զոհուած ազատամարտիկներու հարազատներու միութեան“ նախագահ Գալյա Արուստամեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Հ.Օ.Մ.-ին Արցախի դժուարագոյն օրերուն արցախահայութեան կողքին կանգնելուն համար, “Մայրական պատգամ“ շքանշանով պատուեց Հ.Օ.Մ.-ը, մետալը յանձնելով Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեանին:

Վերջին ելոյթ ունեցողը եղաւ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը, որ ամփոփ ձեւով ներկայացնելէ ետք Հ.Օ.Մ.-ի “Ծնողազուրկ երեխաներու խնամակալութեան“ ծրագիրը, շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Օ.Մ.-ի աշխարհասփիւռ միաւորներուն, որոնք անցնող քսան տարիներուն անխոնջ աշխատեցան այս ծրագրի իրագործման համար, ինչպէս նաեւ ամէն մէկ հովանաւորի, առանց որոնց նիւթական ներդրումին այս ծրագիրը չէր կրնար հասնիլ իր այս տրամաբանական լրումին: Իր խօսքի ընթացքին ատենապետուհին ընդգծեց, որ միութիւնը արդէն անցած է “Ուսման ծրագրի“ թափով հետապնդումին, որպէս “Ծնողազուրկ երեխաներու հովանաւորութեան“ ծրագրի տրամաբանական շարունակութիւն:

Ելոյթներուն յաջորդեց համերգային ճոխ յայտագիր, հայրենի անուանի արուեստագէտներու յոյլի մը մասնակցութեամբ, որոնց մէջ յատկապէս ուշադրութիւն գրաւեցին մանկապատանեկան երգ ու պարի խումբերը: Գեղարուեստական բարձր ճաշակով համադրուած համերգը ընդգրկեց նաեւ ազգային ու հայրենասիրական երգեր, որոնց կատարումը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց սրահին մէջ:

Հ.Օ.Մ.-ի “Ծնողազուրկ երեխաներու խնամակալութեան“ ծրագիրը սկիզբ առած է 1992 թուականին: 20 տարիներու ընթացքին 7428 երեխա (1261 երկկողմանի ծնողազուրկ եւ 6152 զոհուած ազատամարտիկներու երեխաներ) 4900 անհատ հովանավորներէ աջակցութիւն ստացած են: 20 տարիներու ընթացքին Հ.Օ.Մ.-ի աշխարհասփիւռ միաւորներու ջանքերով, մինչեւ Սեպտեմբեր 2012, այս ծրագրով Հայաստան փոխանցուած է 5 միլիոն 346 հազար 510 ամերիկեան տոլարի գումար:

Հայ օգնութեան միութիւնը (Հ.Օ.Մ.) կանանց բարեսիրական, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն է, որ հիմնուած է 1910-ին Նիւ Եորքի մէջ, որպէս ՀՅԴ ուղեկից կառոյց: Ներկայիս Հ.Օ.Մ.-ը միաւորներ ունի 27 երկիրներու մէջ աւելի քան 15 հազար անդամներով: 1988-էն ի վեր Հ.Օ.Մ.-ը մաս կը կազմէ Մ.Ա.Կ.-ի Տնտեսական եւ Ընկերային խորհուրդին որպէս ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն, եւ Մ.Ա.Կ.-ի Հանրային տեղեկատուութեան բաժնմունքին գործակից կազմակերպութիւն է:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles