
Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հունգարիոյ դեսպան Կիորկի Սզափարիի եւ Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Հունգարիոյ մշտական ներկայացուցիչ Քսապա Քորոսիի ուղղուած նամակի պատճէնը, որ կը վերաբերի Հունգարիոյ կողմէ Ռամիլ Սաֆարովի Ատրպէյճանի յանձնումին.-
Ձերդ Գերազանցութիւն,
Հայ Օգնութեան Միութիւնը, Ա.Մ.Ն.-ի մէջ գործող կնոջական միջազգային կազմակերպութիւն մը, որ 15 հազար անդամներ ունի 27 երկիրներու մէջ եւ մաս կը կազմէ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան Տնտեսական եւ Ընկերային խորհուրդին, ցնցուած է Պրն. Ռամիլ Սաֆարովի Ազրպէյճանի արտայանձնումով: Ազրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովը, որ 2004-ին Պուտափեշթի մէջ հայկական բանակի սպայ Գուրգէն Մարգարեանը սպաննած էր, Պաքուի մէջ արժանացաւ հերոսի ընդունելութեան եւ ազատ արձակուեցաւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ: Այս քայլերը բացայայտօրէն կ’ոտնակոխեն մարդկային իրաւանց ամէն տեսակի հասկացութիւն:
Այն փաստը, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները անպարտ արձակեցին անձ մը, որ կացինի 16 հարուածներով սպաննած էր իր քնացած զոհը միայն զոհի ազգային պատկանելիութեան պատճառով` անակնկալ չէր մեզի համար: Ցնցիչը սակայն Հունգարիոյ մեղսակցութիւնն էր այս անարդարութեան: Այս արարքը ո՛չ միայն Գուրգէն Մարգարեանի եւ անոր ընտանիքի մարդկային իրաւունքներու բռնաբարում մը եղաւ, այլ անիկա պատճառ դարձաւ որ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը անգամ մը եւս վերապրի Հայկական Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Շուշիի, Պաքուի, Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Մարաղայի ջարդերու սարսափները, երբ հայեր անխնայ ջարդի ենթարկուեցան թուրքերու եւ ազերիներու կողմէ: Աւելի՛ն. մարդկութայն դէմ ուղղուած այս ոճիրները գործադրողները, ոճիրներ` որոնք ընդունուած են որպէս Ցեղասպանութիւն, ցարդ պատասխանատուութեան չեն կանչուած եւ իրենց արդար պատիժը չեն ստացած:
Վստահ ենք, որ Հունգարիան եւ իր ժողովուրդը կը ցաւին Սաֆարովը Ատրպէյճանի արտայանձնելու իրենց որոշումին համար եւ ճիգ պիտի ընեն այդ սխալը սրբագրելու: Մեր ակնկալութիւնն է, որ Հուգարիան ու հունգարացի ժողովուրդը թիկունք կանգնին Արցախի հայութեան, հաստատելով անոր խաղաղ ապրելու իրաւունքը, հեռու` Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն, որոնք ըստ երեւոյթին, որեւէ պահու կրնան սանձազերծել իրենց ,հերոսներնե ու ,կացինի ոճրագործներըե հայկական այդ տարածաշրջանին դէմ: Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը սկիզբ մըն է:
Անհամբեր կը սպասենք Հունգարիոյ այն քայլերուն, որոնք կը միտին ցաւալի այս կացութեան դարմանումին:
Յարգանօք`
Վիգի Մարաշլեան
Ատենապետ
Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան