Հ.Օ.Մ.-Ը 125 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՏՐԱՄԱԴՐԷ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

0 0
Read Time:51 Second

th  Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը Հայ Օգնութեան Միութեան

Կեդրոնական վարչութիւնը կը տեղեկացնէ թէ Մարտ 20-24, 2014-ին Պոսթընի մէջ, գումարեց իր 22-րդ լիագումար նիստը:

Կազմակերպական, մարդասիրական բազմաբնոյթ օրակարգերու շարքին, կարեւորութեամբ քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակի նշման միջոցառումները եւ Սուրիահայութեան օժանդակութեան ծրագիրները:

Թրքական բացայայտ հովանաւորութեամբ զինեալներու Քէսապ ներթափանցման փորձին եւ անոր հետեւանք հայաւանի պարպումին ի տես, յաճախակի կապ հաստատելով եւ խորհրդակցելով տեղւոյն միաւորի շրջանային եւ մասնաճիւղի վարչութեանց ընկերուհիներուն հետ, Լաթաքիա ապաստանած մեր հայրենակիցներու անմիջական կարիքներու բաւարարման համար՝ այս հանգրուանին Լաթաքիոյ եւ Քէսապի մասնաճիւղերուն յատկացուեցաւ $15,000:

Ընթացքի մէջ եղած ծրագիրներու գծով որոշուեցաւ.-

–           Միաւորներու աշխոյժ մասնակցութեամբ շարունակել աշխատանքները՝ գաղութային շտապ օգնութեան մարմիններու շրջանակներէն ներս:

–           2012 Նոյեմբերէն սկիզբ առած “Տաք Ճաշ“ ծրագիրը շարունակել նոյն ընթացքով: Այս հանգրուանին ծրագրին տրամադրելով $25,000:

–           Ուսումնական ընթացիկ տարեշրջանին համար, սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ծիրէն ներս՝ “Դպրոց“ ֆոնտին յատկացնել $75,000:

–           Ս.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան ճամբով, Հալէպահայութեան խնամատարական կարիքներու բաւարարման ուղուած ծրագիրներու համար յատկացնել $10,000:

Աշխարհասփիւռ իր միաւորներու անվերապահ եւ յանձնառու աջակցութեամբ առաւել հզօրացած՝ Կեդրոնական վարչութիւնը կը շարունակէ աջալրջութեամբ հետեւիլ զարգացումներուն, կարիքի թելադրութեամբ օժանդակութեան անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններ կատարելու:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles