Հ.Օ.Մ.-Ը ԿԸ ՄԱՍ­ՆԱԿ­ՑԻ Մ.Ա.Կ.-Ի ԿԻ­ՆԵ­ՐՈՒ ԻՐԱ­ՎԻ­ՃԱ­ԿԻ 57-ՐԴ ՅԱՆՁ­ՆԱ­ԺՈ­ՂՈ­ՎԻ ՆԻՍ­ՏԵ­ՐՈՒՆ

0 0
Read Time:6 Minute, 30 Second

hom  Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թիւնը կը մաս­նակ­ցի Մ.Ա.Կ.-ի Կի­նե­րու Իրա­վի­ճա­կի (CSW) Նիւ Եոր­քի մէջ, կա­յաց­ուած 57-րդ Յանձ­նա­ժո­ղո­վի նիս­տե­րուն` Մարտ 4-15ին:

CSW-ն, Մ.Ա.Կ.-ի Տնտե­սա­կան եւ Ըն­կե­րա­յին Խոր­հուր­դի (ECOSOC) աշ­խա­տան­քա­յին յանձ­նա­ժո­ղո­վը, “սե­ռե­րու հա­ւա­սա­րու­թեան եւ կի­նե­րու յա­ռաջ­դի­մու­թեան հար­ցե­րու առն­չու­թեամբ հա­մաշ­խար­հա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն ճշդող գլխա­ւոր մաս­նա­գի­տա­ցած մար­մինն է“: Ան­դա­մակ­ցող եր­կիր­ներ, ըն­կե­րա­յին հար­ցե­րով զբա­ղող միու­թիւն­ներ եւ ան­հա­տա­կան ձեռ­նարկ­ներ, տա­րին ան­գամ մը կը հա­ւաք­ուին Մ.Ա.Կ.-ի մէջ` մի­աս­նա­բար, հա­մաշ­խար­հա­յին ակ­նո­ցով քննար­կե­լու կնո­ջա­կան յա­ռաջ­դի­մու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ ըն­թա­ցիկ հար­ցերն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը: CSW-ի այս տար­ուայ հա­ւա­քին թե­ման է` “Վե­րա­ցում ու խա­փա­նում կի­նե­րու եւ աղ­ջիկ­նե­րու դէմ գոր­ծադ­րուող բո­լո՛ր տե­սա­կի բռնու­թիւն­նե­րու“:

Հ.Օ.Մ.-ը կը մի­ա­նայ CSW57-ի այս հա­ւա­քին` աշ­խար­հի բո­լո՛ր կի­նե­րուն եւ աղ­ջիկ­նե­րուն ձայ­նը լսե­լի դարձ­նե­լու հա­մար ընդ­դէմ իրենց դէմ ի գործ դրուող ամէ՛ն տե­սա­կի անի­րա­ւու­թիւն­նե­րու եւ բռնա­տի­րա­կան արարք­նե­րու: Յանձ­նա­ժո­ղո­վի առա­ջին շաբթ­ուայ նիս­տե­րուն, Հ.Օ.Մ.-ը կ՛ըն­կե­րակ­ցի այ­լա­զան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ կը մաս­նակ­ցի զա­նա­զան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ տե­ղի ու­նե­ցող մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն:

Մարտ 4-ի կէ­սօ­րէ ետք, Հ.Օ.Մ.-ը, Մ.Ա.Կ.-ի  մօտ Հա­յաս­տա­նի եւ Էս­տոն­իոյ մնա­յուն ներ­կա­յա­ցուցչու­թեանց եւ NGO CSW/NY-ի հետ, գոր­ծակ­ցու­թեամբ Global Network of Women Peacebuilders-ի եւ Հայ Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան, մի­աս­նա­բար ելոյթ կ՛ու­նե­նան “Commemoration of SC Resolution #1325- What Lies Ahead“ նիւ­թով: Մ.Ա.Կ.-ի թիւ 1325 բա­նա­ձե­ւով, առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, Մ.Ա.Կ.-ի Ապա­հո­վու­թեան Խոր­հուր­դը կ՛ար­տա­յայտ­ուի զին­եալ բա­խում­նե­րու ազ­դե­ցու­թիւնը կի­նե­րու վրայ եւ կի­նե­րու հա­ւա­սար մաս­նակ­ցու­թիւնը խա­ղա­ղու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու  ու յետ բա­խում­նե­րու վե­րա­կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն շուրջ:

Ձեռ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ Dag Hammarskjold գրա­դա­րա­նի լսա­րա­նին մէջ: Խօսք  առին Էս­թոն­իոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար` Ու­մաս Պա­էթ, Femmes Africa Solidarite (FAS)-ի հիմ­նա­դիր ու նա­խա­գահ` Փի­նէ­տա Տի­ոփ, International Alliance of Women-ի Մ.Ա.Կ.-ի մօտ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եւ NGO CSW/NY-ի ատե­նա­պետ` Սուն-Եանկ Եուն, Peace and Security, UN Women-ի աւագ խորհր­դա­տու` Անն Մա­րի Քօ­եց, եւ Global Network of Women Peacebuilders-ի Մի­ջազ­գա­յին հա­մադ­րող` Մա­ւիք Քապ­րէ­րա-Պա­լէ­սա: Ներ­կա­յա­ցում­նե­րը պի­տի հա­մադ­րէ Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Հա­յաս­տա­նի Մնա­յուն ներ­կա­յա­ցո­ւ­ցիչ եւ CSW-ի նախ­կին ատե­նա­պետ` Դես­պան Կա­րէն Նա­զար­եան:

Չո­րեք­շաբ­թի, Մարտ 6-ի, Հ.Օ.Մ.-ը Zonta International-ի հետ մի­աս­նա­բար, աշ­խա­տա­նիստ ու­նե­ցաւ “Կի­նե­րու եւ աղ­ջիկ­նե­րու թրա­ֆի­քինկ“ի շուրջ: Հ.Օ.Մ.-ի գոր­ծա­կից` Տիկ. Նո­րա Ար­մա­նի, խօ­սե­ցաւ շար­ժան­կա­րի ազ­դե­ցու­թեան մա­սին այս հա­մա­տա­րած, հիւան­դա­գին երե­ւոյ­թին վրայ: Աշ­խա­տա­նիս­տը, տե­ղի ու­նե­ցաւ Մ.Ա.Կ.-ի Church Center-ի մէջ (CCUN, Drew Room, 777 UN Plaza, 44th Street and 1st Avenue):

Կի­նե­րու իրա­վի­ճա­կի բա­րե­լաւ­ման եւ անոնց ու աղ­ջիկ­նե­րու դէմ եղած բռնու­թիւն­նե­րու ար­գել­ման հա­մար տա­րուող աշ­խա­տանք­նե­րուն  սա­տա­րե­լու մտօք, Մարտ 7-ին, CCUN-ի 2րդ յար­կին վրայ, Հ.Օ.Մ.-ը, ներ­կա­յա­ցուց “Վերջ տալ աղ­ջիկ­նե­րու դէմ գոր­ծադ­րուող բռնու­թիւն­նե­րու ծի­րին“ նիւ­թին շուրջ ծրա­գիր մը Հրեայ Կա­նանց Հա­մաշ­խար­հա­յին Խոր­հուր­դին հետ մի­աս­նա­բար: Սին­տի Տա­յըր, Vital Voices-ի Մարդ­կա­յին իրա­ւանց փոխ նա­խա­գա­հը, ու­նե­ցաւ հար­ցազ­րոյց մը Girl Be Heard-ի վա­րիչ տնօ­րէն` Ճէ­սի­քա Կրիր Մո­րի­սի, World Pulse-ի թղթա­կից-լրագ­րող` Չի Իվոն Լէյ­նա­նի, եւ Sonke Gender Justice Network-ի հիմ­նա­դիր վա­րիչ տնօ­րէն` Տին Պի­կո­քի հետ:

Նոյն օրը, Հ.Օ.Մ.-ը զու­գա­հեռ ձեռ­նարկ մը ու­նե­ցաւ Virginia Gildersleeve International Fund-ի հետ, “Հա­մաշ­խար­հա­յին մօ­տե­ցում­ներ կի­նե­րու դէմ բռնու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ“ թե­մա­յով, որ պի­տի ջա­նայ ներ­կա­յաց­նել հիմ­նա­կան մօ­տե­ցում­նե­րու գոր­ծադ­րու­մը` ծա­նօ­թաց­նե­լու հա­մար կի­ներն ու աղ­ջիկ­նե­րը իրենց մարդ­կա­յին եւ օրի­նա­կան իրա­ւունք­նե­րուն` յու­սա­լով առաջ­քը առ­նել այ­լա­զան ձե­ւի բռնու­թիւն­նե­րու:

Իսկ, Մարտ 8-ին, CCUN Մա­տու­ռին մէջ Հ.Օ.Մ.-ը եւ Ալ Հա­քիմ Հիմ­նար­կը ներ­կա­յացուցին “Գոր­ծադ­րում հո­գե­կան ու կրօ­նա­կան ար­ժէք­նե­րու` պայ­քա­րե­լու հա­մար կա­նանց դէմ գոր­ծադ­րուող բռնու­թիւն­նե­րուն դէմ“: Արե­ւել­եան թե­մի Աթո­ռա­կալ` Անու­շա­ւան եպիս­կո­պոս Դանի­էլ­եա­ն խօ­սեցաւ կի­նե­րու հան­դէպ վայ­րա­գու­թիւն­նե­րու դէմ պայ­քա­րին մէջ կրօն­քի ու կրօ­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու դե­րին կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին: Զու­գա­հեռ ձեռ­նարկ­նե­րուն կող­քին, Հ.Օ.Մ.-ու­հի­ներ մաս­նակ­ցեցան լի­ա­գու­մար նիս­տե­րու եւ կողմ­նա­կի ձեռ­նարկ­նե­րու: Որ­պէս հա­մաշ­խար­հա­յին մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն, Հ.Օ.Մ.-ը մե­ծա­պէս կ՛ար­ժե­ւո­րէ CSW57-ին իր մաս­նակ­ցու­թիւնը, ո՛չ միայն որ­պէս առիթ սեր­տօ­րէն գոր­ծակ­ցե­լու այլ Ոչ Կա­ռա­վա­րա­կան Կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ ի խնդիր կի­նե­րու իրա­վի­ճա­կի բա­րե­լաւ­ման, այլ նա­եւ պայ­քա­րե­լու` կի­նե­րու եւ աղ­ջիկ­նե­րու դէպ գոր­ծադ­րուող բռնու­թիւն­նե­րուն դէմ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles