Լրահոս

Հ.Յ.Դ. Ներկայացուցիչները Այցելեցին Սիւնիք

ԿԱՊԱՆ․- Ապրիլ 28-ին, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր խաչատուրեան եւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ Արթուր Խաչատրեան այցելեցին Սիւնիքի մարզ: Երկօրեայ այցի ընթացքին Սիսիանի Հ․Յ․Դ․ «Գրիգոր Գրիգորեան» եւ Կապանի Հ․Յ․Դ․ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէութիւններու գրասենեակներուն մէջ տեղի ունեցան հանդիպումներ Հ․Յ․Դաշնակցութեան Սիսիանի, Գորիսի եւ Կապանի տարածքային կառոյցներու անդամներու հետ:

Քննարկուեցան մարզէն ներս ստեղծուած յետպատերազմեան իրավիճակը, անվտանգային եւ ընկերային-տնտեսական խնդիրներն ու բնակչութեանն յուզող այլ հարցեր:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button