Հ.Յ.Դ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 54 Second
 Փետրուար 2013-ին կայանալիք ՀՀ նախագահի  ընտրութիւնը մեր անկախ պետականութեան անցած ճանապարհը վերաիմաստաւորելու, երկրի ու հասարակութեան խնդիրները ճիշտ ձեւակերպելու, ժողովուրդի բարեկեցութիւնը  ապահովող գործողութիւններ նախանշելու, արտաքին մարտահրաւէրները արժանապատուօրէն դիմակայելու բացառիկ հնարաւորութիւն է: Ակնյայտ է, որ միայն  մրցակցային, բովանդակութեամբ ազատ, արդար, նոր որակի ընտրութիւններու պարագային կը վերականգնուի հասարակութեան վստահութիւնը, կը բարելաւուի  բարոյահոգեբանական մթնոլորտը, երկիրը բնականոն, անվտանգ եւ թռիչքաձեւ զարգացման հեռանկար կ’ունենայ:
Առ այդ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, այս յայտարարութեամբ, քաղաքական օրակարգ կը բերէ այն հիմնախնդիրները, որոնց առաջադրմամբ եւ լուծմամբ կրնանք դուրս գալ տեւական տեղապտոյտէն.
1. ստեղծել  ժողովուրդի ազատ կամարտայայտութեամբ իշխանութեան ձեւաւորումն ու փոփոխութիւնը երաշխաւորող ընտրական համակարգ. բացառել ընտրակաշառքը, պետական-վարչական ներուժի օգտագործումը, անցում կատարել խորհրդարանի ընտրութեան 100 տոկոս համամասնական սկզբունքին:
2. Մինչեւ 2015 թուականի աւարտը նախաձեռնել սահմանադրական փոփոխութիւններ`  կառավարման խորհրդարանական համակարգին անցնելու նպատակով:
3. Իշխանութիւնները վերահսկելու եւ հակակշռելու նպատակով` օրէնքով երաշխաւորուած գործուն լծակներ տրամադրել ընդդիմութեան: Մասնաւորապէս` քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի, տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան եւ հանրային ծառայութիւնը կարգաւորող յանձնաժողովներու,  ինչպէս նաեւ ստեղծուելիք հակակաշառակեր գործակալութեան ղեկավարումը վերապահել ընդդիմութեան: Վերահսկիչ պալատի խորհուրդին մէջ ընդդիմութեան չափաբաժին ամրագրել:
4. Յստակ տարանջատել գործարարութիւնն ու քաղաքականութիւնը, ապահովել դատական իշխանութեան լիարժէք անկախութիւնը: Արմատական փոփոխութեան ենթարկել տնտեսական քաղաքականութիւնը` նպատակ դարձնելով նոր  աշխատատեղերու ստեղծումը, արժանապատիւ վարձատրութիւնը եւ աղքատութեան վերացումը:
5.Ամրագրել պետութեան կազմակերպիչ-կարգաւորիչ դերակատարութիւնը հաւասար հնարաւորութիւններով հասարակութեան կայացման, բարիքներու ստեղծման ազատութիւնը եւ անոնց բաշխման արդարութիւնը ապահովելու գործին: Ընկերային քաղաքականութեան հիմքը դնել կենսապահովման նուազագոյն պիւտճէի մեծութիւնը:
6. Արտաքին քաղաքականութեան մէջ որդեգրել ազգային-պետական այնպիսի ուղեգիծ, որուն գերխնդիրն է հայկական պետականութեան անկախութեան, անվտանգութեան եւ ինքնուրոյնութեան ապահովումը:
7. ՀՀ եւ ԼՂՀ  միջեւ կնքել ռազմաքաղաքական  դաշինք:  Ամրագրել, որ հիմնախնդրի լուծման հիմքը արցախի բնակչութեան  համաժողովրդական հանրաքուէներով արդէն իսկ արտայայտուած կամքն է: Բանակցութիւններուն ապահովել ԼՂՀ կարգավիճակին եւ անվտանգութեան առաջնայնութիւնը:
Ետ կանչել ՀՀ ստորագրութիւնը հայ-թրքական արձանագրութիւններէն: Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել` մեկնելով  ազգային անվտանգութեան ռազմավարութենէն, չվտանգելով հայ ժողովուրդի նպատակներու իրականացման,  պատմական արդարութեան վերականգնման հեռանկարը:
Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը համոզուած է, որ այս խնդիրներու լուծումն է մեր առաջնահերթութիւնը: Նախագահական ընտրութիւններէն ետք, յաջորդ հինգ տարիներուն, պետական կառավարման արդիւնաւէտութիւնը պայմանաւորուած պիտի ըլլայ ընտրուելիք նախագահի`  այս մարտահրաւէրները գիտակցելու, ստանձնելու եւ լուծելու յանձնառութեամբ:
Մեկնելով այս հաստատումներէն` ՀՅԴ Հայաստանի գերագոյն մարմինը կը նախաձեռնէ քաղաքական քննարկումներ կուսակցութիւններու, հասարակութեան լայն շերտերու եւ մասնագիտական խումբերու հետ:
Այդ քննարկումներու արդիւնքով Դաշնակցութիւնը պիտի յստակեցնէ իր մասնակցութեան ձեւն ու տարողութիւնը նախագահականընտրութիւններուն:
Յարգելի հայրենակիցներ,
Մենք վստահ ենք` առկա հիմնախնդիրներու ճիշտ ձեւակերպումը գործին կէսն է արդէն: Կ’ակնկալենք, որ  դերակատար ուժերը եւ հասարակութեան աշխոյժ հատուածը կը համախմբուին քաղաքական այս փլաթֆորմին շուրջ:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին

            
            
                    
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles