
Երեւան (“Երկիր“, “Թերթ“, “Լրագիր“).- Երկուշաբթի Ապրիլ 9-ին, “Էրեբունի Փլազա“ պանդոկին մէջ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պաշտօնապէս սկսաւ իր նախընտրական քարոզարշաւին, ներկայացնելով, Մայիս 6-ին, տեղի ունենալիք Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրը:
Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմնի անդամ, հասարակական հարցերու նախկին նախարար Աղուան Վարդանեան յայտնեց թէ, Հ.Յ.Դ. ցուցադրութիւններով եւ պարերով չէ որ պիտի սկսի իր քարոզարշաւը, այլ պիտի ներկայացնէ աշխուժ, նպատակային եւ յաղթական գաղափարներ: “Որպէսզի մեր երկիրը երկիր դառնայ… Մենք համոզուած ենք, որ քարոզչութեան հիմքը նախընտրական ծրագիրն է, դրա համար էլ մեր քարոզչութիւնը սկսւում է նախընտրական ծրագրի ներկայացմամբ“, եզրակացուց Աղուան Վարդանեան:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեան իր կարգին նախընտրական ծրագիրի ներկայացման ժամանակ նշեց, որ այսօրուան քաղաքական դաշտին մէջ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ունի լուրջ մրցակիցներ, եւ անոր հիմնական խնդիրը պիտի ըլլայ այդ ուժերուն նկատմամբ ունենալ աւելի էական յաղթանակ: Ըստ անոր, Դաշնակցութիւնը պիտի ստեղծէ բարեփոխումներու գործակալութիւն, կազմակերպէ եւ կանոնակարգէ կատարուող բարեփոխումները:
“Այո՛, մեր ծրագրում կայ մաքսիմալիզմ, մենք յառաջիկայ հինգ տարիների ընթացքում պէտք է կարողանանք հասնել նրան, որ այն ամէնն, ինչ տեղ է գտել մեր նախընտրական ծրագրում, դառնայ իրականութիւն: Տնտեսական բարեփոխումների գծով, Հ.Յ.Դ. կը նպատակադրէ յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին հասնիլ պետական պիւտճէի եռապատկման:Դա ի հարկէ շատ բարդ, սակայն իրականանալի նպատակ է, ու մենք ստեղծելու ենք մեզ համար բոլոր հնարաւորութիւններն ու լծակներն այդ նշաձողին հասնելու ու յաղթահարելու համար: …Խնդիրները բարդ են, բայց իրականանալի ու հաւանական, եթէ դառնանք յաղթող ուժ: Հ.Յ.Դ.-ի ամէնէն հիմնական եւ կարեւոր ուժը կառոյցի միասնութեան մէջ է: Դաշնակցութիւնը այս ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի զօրաշարժի երթարկուած“, շեշտեց Դաւիթ Լոքեան` ընդգծելով, որ համակարգի հիմնական փոփոխութիւններու առաջին տեղը կը գրաւէ մարզպետներու նշանակման ձեւի փոփոխութիւնը: Լոքեան` աւելցուց թէ, կուսակցութեան նպատակն է նաեւ ասոր շուրջ միաւորել Սփիւռքը: “Մենք խորհրդարան մտնելու պարագային պէտք է ընդլայնենք Լեռնային Ղարաբաղին տրուող օգնութեան չափը“, եզրակացուց ան:
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատգամաւոր Արա Նռանեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը իր նախընտրական ծրագիրով կ՛ապացուցէ վերջին տարիներուն իր կողմէ իրականացուած քաղաքականութեան հետեւողականութիւնը եւ յայտարարուած բոլոր թիրախներուն հասնելու վճռականութիւնը:
Ան յայտարարեց, որ Հ.Յ.Դ.-ն միակ կուսակցութիւնն է, որ այս 5 տարիներուն ընթացքին ամբողջութեամբ հետամուտ եղաւ իր կողմէ 2007 թուականի խորհրդարանական, 2008 թուականի նախագահական եւ 2009 թուականի աւագանիի ընտրութիւններուն ներկայացուած նախընտրական ծրագիրներու դրոյթներուն:
Հ.Յ.Դ .պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան խօսեցաւ գիւղատնտեսական եւ հակապիւտճէտային, դրամավարկային քաղաքականութեան մասին, նշելով թէ “Այսօր պետական աջակցութիւնն ամբողջ գիւղոլորտում չի գերազանցում 15 միլիառ դրամը` ներառելով ոռոգման համակարգին տրուած սուբսիդիան: Մեր առաջարկութեամբ այն պէտք չէ պակաս լինի 60 միլիառ դրամից: Առաջնահերթ` գիւղացուն պէտք է տրուի պետական աջակցութիւն, մեղմուին գիւղատնտեսական վարկերի տրամադրման պայմանները, օգնութիւն ստանան վարկերի տոկոսադրոյքները“, ըսաւ ան եւ ներկայացուց լուծումներու երկար շարք մը:
Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արսէն Համբարձումեան, իր կարգին խօսք առնելով, յայտնեց թէ Հ.Յ. Դաշնակցութեան ծրագիրին մէջ մեծ տեղ յատկացուած է ընկերային հարցերուն եւ թէ կ՛առաջարկուի ստեղծել 200 հազար աշխատատեղի, իւրաքանչիւր աշխատունակ մարդու` աշխատանքի հնարաւորութիւն տալով: Ան շեշտեց թէ քաղաքականութեան մարզէն ներս, յառաջիկայ հնգամեակին Հ.Յ.Դաշնակցութեան առաջնահերթութիւնները պիտի ըլլան աշխատանքի ապահովումը, արժանապատիւ վարձատրութեան համակարգի ստեղծումը, ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւումը եւ աղքատութեան յաղթահարումը: Ան եզրակացուց թէ նուազագոյն աշխատավարձի կրկնակի աճը, իւրաքանչիւր տարի 5-6 հազար կարիքաւոր ընտանիքի բնակարան ապահովելը, մէկ անձի համար տարեկան առողջապահական ծախսերը ներկայիս 63 հազար դրամէն 150 հազար դրամի հասցնելը, կրնան էականօրէն փոխել առկայ տխուր պատկերը:
Ա. ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆԻ ԿՈՉԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան կոչ ուղղեց համակարգային իշխանափոխութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ ունենան իշխանութիւն մը, որ ոչ թէ դիրքը կ՛օգտագործէ իր շահերուն համար, այլ կ՛առաջնորդուի պետութեան ու ժողովուրդի միասնական շահով: Ան յայտնեց թէ, ներկայացուած բոլոր ծրագիրներն ու մօտեցումները պիտի մնան թուղթի վրայ, ինչպէս նաեւ շատ օրէնքներ ու սահմանադրութիւն, եթէ Հայաստան չունենայ այնպիսի իշխանութիւն մը, որ ծառայէ իր ժողովուրդին:
“Մենք կը կատարենք այն առաջարկը, որ պետութիւնը պիտի վերադարձնէ ժողովուրդին“, շեշտեց ան:
Ըստ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչին, այսօր Հայաստանի մէջ նոյնացուած են կուսակցութիւն, իշխանութիւն եւ պետութիւն եզրերը: Իսկ այս իրավիճակէն ձերբազատուելու համար, ըստ անոր, պէտք է հրաժարիլ նախագահական համակարգէն եւ անցնիլ խորհրդարանական համակարգին:
Արմէն Ռուստամեան նաեւ յայտնեց, որ նախագահի աթոռին շուրջ կը ձեւաւորուի իւրայիններու խումբ մը, որոնք կ՛իւրացնեն պետութեան պաշարները եւ կը դառնան պետութիւն: Դաշնակցութիւնը կ՛առաջարկէ անցնիլ խորհրդարանական համակարգի: Հայաստանի վիճակը այն է, որ կարելի է կտրուկ գործողութիւններ իրականացնել: Դաշնակցական գործիչը աւելցուց, որ անոր համար անհրաժեշտ է սահմանափակել պատգամաւորներու անձեռնմխելիութիւնը, քանի որ պատգամաւորները կու գան խորհրդարան, որպէսզի իրենք զիրենք պաշտպանեն:
Ըստ անոր, ընտրութիւնները պէտք է դառնան իշխանութեան փոփոխութեան միջոց: Ան շեշտեց, որ եթէ ընտրութիւնները միայն իշխանութիւններու վերարտադրման պիտի ծառայեն, անոնք փոփոխութեան չեն յանգեցներ: Դաշնակցական գործիչը յայտնեց, որ այսօր այդ համակարգը պէտք է փոխուի, որպէսզի մարդիկ հասկնան, թէ ընտրութիւնը միջոց մըն է, որով ինք կրնայ փոխել իշխանութիւնը:
“Մենք, դժբախտաբար, մինչեւ հիմա չենք ունեցել այդպիսի իշխանութիւն: Սա է փաստը, անկախութիւնից ի վեր մենք չենք ունեցել այնպիսի իշխանութիւն, որ լիարժէքօրէն ծառայի իր ժողովրդին: Աւելի շատ ծառայել են այն իշխողների շահերին, ովքեր եկել են իշխանութեան“, նշեց Ռուստամեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ ամբողջական իշխանափոխութեան չհասնելու պարագային կուսակցութեան այլընտրանքը ի՞նչ պիտի ըլլայ` Ռուստամեան պատասխանեց, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը պիտի համաձայնի քոալիցիա կազմել այն ուժին հետ, որ պիտի բաժնէ իր պատկերացումները: “Այդպիսի համագործակցութիւն չտեսնելու դէպքում` ընդդիմութիւն կը մնայ“:
Լ. ԳԱԼՍՏԵԱՆ Կ՛ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ԿՐՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ ՄԱՍԻՆ
Ազգային Ժողովի Հ.ՅԴ. .խմբակցութեան անդամ Լիլիթ Գալստեան յատուկ կերպով անդրադարձաւ կրթական համակարգին մասին: Ըստ անոր, Հ.Յ.Դ.ի նախընտրական ծրագիրով կը նախատեսուի գիտութեան բնագաւառին կատարուած պետական յատկացումները աւելցնել տաս անգամով:
Իսկ կրթութեան բնագաւառին համար` ուսանողներուն պիտի տրամադրուին հանրակացարաններ եւ կրթաթոշակ նուազագոյն աշխատավարձի 50-100 տոկոսի չափով:
“Մենք նախատեսում ենք, որ իւրաքանչիւր երիտասարդ կարողանայ ունենալ որակեալ կրթութեան իրաւունք, ստեղծագործելու, աշխատելու, ինչպէս եւ ինքնադրսեւորման լիարժէք հնարաւորութիւն“, ըսաւ ան եւ աւելցուց թէ, տնտեսական նախագիծերը պիտի իրականացուին միջավայրին վրայ անոնց ունեցած ազդեցութեան փորձաքննութեան եւ համապատասխան եզրակացութեան առկայութեան պարագային, իսկ անոնց արդիւնքները միշտ հանրութեան տրամադրութեան տակ պիտի դրուին: Գալստեան նաեւ շեշտեց թէ աստիճանաբար պիտի ներդրուի առողջութեան պարտադիր ապահովագրութեան պետական վճարումներու համակարգ:
Ան աւելցուց թէ Հ.Յ.Դ.-ն իր նախընտրական ծրագիրով նաեւ կը պահանջէ չստորագրել որեւէ փաստաթուղթ, որ կասկածի տակ կ՛առնէ Վուտրօ Ուիլսընի 1920-ին ստորագրած փաստաթուղթը:
“Արտաքին դիւանագիտութեան մէջ անհրաժեշտ է հանդէս գալ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ցամաքային շրջափակումը վերացնելու սկզբունքներից` առանց նախապայմանների: Վրաստանի հետ բարիդրացիական յարաբերութիւնների հիմնական բաղադրիչներից է սահմանւում վրացահայերի իրաւունքների եւ հնարաւորութիւնների ապահովման կարեւորութիւնը, յատկապէս հայաբնակ Ջաւախքում: Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններում եւս մէկ կարեւոր հարց կայ` Նախիջեւանինը, որը նոյնպէս նախատեսւում է պահել ուշադրութեան կեդրոնում: Քանի որ Նախիջեւանը կցուել է Ատրպէյճանին, հասարակութեան մէջ պէտք է պահուի նրա հայկական պատկանելութեան յստակ գիտակցութիւնը: Պէտք է այդ հարցի միջազգային քննարկման համար նախապատրաստական աշխատանք տարուի“, եզրակացուց Գալստեան: