Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Ընտանիքը Յարգեց 28 Մայիս 1918-իԱնկախութեան Կերտիչներուն Յիշատակը

Կիրակի, 31 Մայիսին, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 108-ամեակին առիթով, Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան կերտիչներուն եւ այդ ճամբուն վրայ իրենց կեանքը ընծայաբերած հերոսներուն յիշատակի հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ յարգանքի տուրք:
Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ եւս Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան ծաղկեպսակ զետեղեցին Հ.Յ.Դ. պանթէոնին դիմաց` առ ի յարգանք իրենց կեանքը հայրենիքին ու հայութեան նուիրած դաշնակցական գործիչներուն:
Ֆըրն Շըպպէքի մէջ եւս ներկաները ճերմակ վարդերով իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին 28 Մայիս 1918-ի Հայաստանի անկախութեան կերտիչներուն, որոնց մէկ մասը կը հանգչի այդ գերեզմանատան մէջ: Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ Հ․Յ․ Դաշնակցութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հոգեհանգստեան կարգ կատարուեցաւ:
Խօսք առաւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Եղիկ Թաշճեան, որ սեղմ տողերու մէջ բնութագրեց մայիսեան անկախութեան մերօրեայ ըմբռնումն ու դերը ապագայի հեռանկարով: «Մայիս 28-ը դաշնակցականի մը համար սովորական օր մը չէ: Ան մեր ազգային վերածնունդին օրն է: Այն պատմական պահն է, երբ տասնամեակներու կազմակերպական աշխատանքը, ֆետայական պայքարը, գաղափարական հաւատարմութիւնը եւ նահատակներու արիւնը հասան իրենց գագաթնակէտին` պետականութիւն կերտելով։ Այդ անկախութիւնը միայն քաղաքական յաղթանակ մը չէր, ազգային արժանապատուութեան վերածնունդն էր: Ան հայ ժողովուրդի կամքին յաղթանակն էր մահուան դէմ: Ան Հ.Յ.Դ. գաղափարախօսութեան մարմնաւորումն էր իրականութեան մէջ: Եւ գաղտնիք մը չէ, որ այդ պայքարի առաջնագիծին կանգնած էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ իր գաղափարով, իր նահատակներով, իր կազմակերպական կորովով եւ իր պայքարով կերտեց անկախ պետականութիւն: Առանց Դաշնակցութեան` կարելի չէ հասկնալ մայիս 28-ը, ինչպէս առանց հայ ժողովուրդին` կարելի չէ հասկնալ Դաշնակցութիւնը», նշեց ան:
Մայիսեան անկախութեան փորձառութենէն դասեր քաղելով` Թաշճեան նշեց, թէ համակ հայ ժողովուրդը` կին թէ տղամարդ, ծեր թէ երիտասարդ, բոլորը միակամ, միասնաբար կերտեցին այդ յաղթանակը:
Բանախօսը շեշտեց, որ այսպիսի ժամանակներու դաշնակցականը իր յոյսը չի կապեր օտարին, չի սպասեր փրկիչներու, այլ կը վստահի իր ժողովուրդի կամքին, իր կազմակերպական ուժին եւ իր գաղափարական աննկուն հաւատքին։
Իր խօսքը եզրափակելով` Թաշճեան ըսաւ, որ դաշնակցականը պէտք է վերանորոգէ իր անցեալի ուխտը, պէտք է վերագտնէ իր պայքարի ոգին եւ արտաքին ճակատի վրայ իր մարտը պէտք է մղէ նոր միջոցներով, նոր լեզուով եւ նոր զէնքերով` քաղաքական, դիւանագիտական, տեղեկատուական ու կազմակերպական:
Փակումը կատարուեցաւ «Վէրքերով լի»-ի եւ Սարդարապատ յաղթերգի երգեցողութեամբ:

