Հ.Յ.Դ.-Ի 127-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ՝ ՐՈՏ ԱՅԼԸՆՏԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:1 Minute, 18 Second


Փրովիտէնսի Հ.Յ.Դ. «Քրիստափոր» կոմիտէութիւնը, Դեկտեմբեր 2-ին պատշաճօրէն նշեց Հ.Յ.Դ.-ի 127-ամեակը, շրջանի «Քրանսթըն Քաունթի Քլապ»ին մէջ:
Աւելի քան հարիւր հայորդիներ ժամանած էին սրահ: Բացման խօսքը կատարեց Լեւոն Աթթարեան, որ բեմ հրաւիրեց շրջանի Հ.Յ.Դ. «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Յակոբ Տոնոյեանը: Այս վերջինը բարի գալուստ մաղթելէ ետք, հրաւիրեց ներկաները, վայրկեան մը յոտընկայս յարգելու յիշատակը՝ մահացած ընկերներուն, որոնք տարիներ շրունակ իրենց կեանքը զոհած են, յաչս հայ դատին:
Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները նուագեց «Եռագոյն» եռեակը, որ ապա նաեւ հնչեցուց Հ.Յ.Դ.-ի քայլերգը՝ «Մշակ Բանուոր»-ը:
Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւներ՝ Տէր Հայր Գաբրիէլ Նազարեան եւ Աւագ Քահաննայ Կոմիտաս Պաղսարեան գնահատական խօսքեր փոխանցեցին եւ ապա կատարեցին տէրունական աղօթք:
Լալա Աթթարեան ներկայացուց օրուան երկու բանախօսները՝ Վաչէ Բրուտեան («Հայրենիք»-ի եւ «Ասպարէզ»-ի նախկին խմբագիր) եւ Սեդօ Պոյաճեան (փաստաբան եւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի նախկին ղեկավար):
Երկու դասախօսներն ալ շեշտեցին, թէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը միշտ ալ գործած է նկատի ունենալով ազգային շահերը, եւ այդ ալ ամբողջական նուիրումով եւ զոհողութեամբ: Անոնք աւելցուցին թէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը պիտի ծառայէ ողջ հայութեան՝ ի շահ գերագոյն նպատակներուն եւ անշուշտ նաեւ յաւերժական հայրենիքին: Այս գծով, անոնք մանրամասնեցին թէ իր ծննդոցէն ի վեր, Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը գործած է եւ կը գործէ Արցախէն մինչեւ հեռաւոր սփիւռք:
Իր խօսքր աւարտին, Սեդօ Պոյաճեան Ա.Մ.Ն.-ի նախկին նախագահ Ճոն Քենետիի մէկ խօսքէն մէջբերում մը կատարելով, շեշտեց.- «Պէտք չէ հարցադրել, թէ հայրենիքը ի՞նչ կրնայ կատարել քեզի, այլ դուք, մենք ի՞նչ պէտք է կատարենք հայրենիքին»:
Աւարտին Հրակ Առաքելեանի առաջնորդութեամբ կատարուեցաւ մոմավառութիւն եւ ապա տոհմիկ երգերու երեկոյ, մասնակցութեամբ «Եռագոյն» (Րաֆֆի Ռշտունի, Շանթ եւ Րաֆֆի Մասոյեան) եռեակին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles