Լրահոս

Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Հոլանտայի Բազմակուսակցական Ժողովրդավարութեան Հիմնարկի Դասընթացքին

ԵՐԵՒԱՆ.- Ապրիլ 2017-ին Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցաւ Հոլանտայի բազմակուսակցական ժողովրդավարութեան հիմնարկին կողմէ հայ երիտասարդ քաղաքական գործիչներու համար նախաձեռնուած հերթական հանդիպում-դասընթացքը, որ կը կրէր «Պայքար քարոզչութեան եւ կեղծ տեղեկատուութեան դէմ» խորագիրը:
Դասընթացքին մասնակցեցան Հայաստանի քաղաքական կուսակցութիւններու երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը դասընթացքին մասնակցեցաւ երկու ներկայացուցիչով` Գէորգ Ղուկասեան եւ Անուշ Յովհաննիսեան:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելով, կը տեղեկացնէ թէ, դասընթացքի ընթացքին խօսուեցաւ կեղծ տեղեկատուութեան տարածման մեթոտներու եւ հասարակական կարծիքի ձեւաւորման վրայ անոնց ազդեցութեան մասին: Նաեւ քննուեցաւ գրաւոր, տեսաձայնային եւ լուսանկարային կեղծ տեղեկատուութիւններու դէմ պայքարին` անոնց բացայայտման եւ չէզոքացման արդի մեթոտաբանութեան ու ծրագրային կարելիութիւններուն մասին նիւթը:
Դասընթացքի աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում, նաեւ մասնակիցները զրուցեցին իրենց տպաւորութիւններուն մասին:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button