Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմինի Նախաձեռնութեամբ.- Մարզային Կառոյցներու Ներկայացուցիչներու Ընդլայնուած Խորհրդակցութիւն
ԵՐԵՒԱՆ.- Սեպտեմբերի 19-ին «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, Հ.Յ. Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ կուսակցութեան մարզային կառոյցներու ներկայացուցիչներու ընդլայնուած խորհրդակցութիւն:
Օրակարգի վրայ էին երկրի ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները, քաղաքական իշխանութեան գործունէութեան գնահատականը եւ Դաշնակցութեան յառաջիկայ ընելիքները:
Քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք կատարուեցան հետեւեալ հաստատումները.
– Տարածաշրջանային ահագնացող սպառնալիքներուն զուգընթաց, երկիրը կանգնած է արտաքին քաղաքական մեկուսացման վտանգին առջեւ: Արցախեան բանակցային գործընթացին մէջ յստակ ռազմավարութեան բացակայութիւնը, ինչպէս նաեւ մարտավարական ձախողութիւնները, ներազգային համերաշխութեան եւ համախմբման դէմ կատարուող գործընթացները կը թուլացնեն հայկական կողմերու դիրքերը, կ՛աւելցնեն պատերազմի սպառնալիքը:
– Հասարակական յարաբերութիւններուն մէջ կը խորանայ անհանդուրժողականութեան, ատելութեան ու թշնամանքի մթնոլորտը: Կը նսեմացուին ազգային եւ աւանդական արժէքներն ու հաստատութիւնները:
– Կասեցուած է երկրի զարգացման ընթացքը: Տնտեսութիւնը անկում կ՛ապրի, չկան նոր ներդրումներ, կ՛աւելնան գործազրկութիւնն ու աղքատութիւնը:
– Ընկերային, առողջապահական, կրթական եւ մշակոյթի ոլորտներու մէջ իրականացուող քաղաքականութիւնը լիովին ձախողած է:
– Կը ձեւախեղուի խորհրդարանական կառավարման համակարգը, կը հաստատուի անձնիշխանութիւն: Մերժուած արատներն ու բարքեր նոր դրսեւորումներ կը ստանան: Մէկ անձի ձեռքին կը կեդրոնացուի օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւնը:
– «Քորոնա» ժահրի հակաճգնաժամային կառավարման ձախողութիւնը աւելի ակնառու դարձուց պետութեան կառավարման հարցին մէջ վարչախումբի անկարողութիւնը:
– Ներկայիս Ազգային ժողովը, որպէս առաջնային պատասխանատու քաղաքական մարմին, այլեւս չի արտայայտեր ժողովրդային լայն զանգուածներու տրամադրութիւններն ու քաղաքական ուժերու իրական յարաբերակցութիւնը, կորսնցուցած է ներկայացուցչական մարմինին յատուկ դերակատարութիւնը եւ ի վիճակի չէ լուծելու առկայ մարտահրաւէրները:
Մեկնելով խորհրդակցութեան արդիւնքներէն` Հ.Յ. Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինը վերահաստատեց.
1.- Հայաստանի մէջ նոր որակի իշխանութեան ձեւաւորումը այլընտրանք չունի:
2.- Նոր իշխանութեան առաջնահերթ խնդիրները պէտք է ըլլան ներազգային համերաշխութեան հաստատումը, առկայ ճգնաժամի յաղթահարումը եւ ազգային ուղեգիծով երկրի զարգացման ապահովումը:
3.- Հանրութեան լայն շրջանակներու ընդգրկումով` անհրաժեշտ է նոր թափ հաղորդել այս նպատակը ապահովող քաղաքական աշխատանքներուն:


