Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը Այցելեց Ալմելօ

0 0
Read Time:28 Second

 

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկեր Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Եւրոպայի աշխատանքային այցելութիւններու երկիրներու շարքին էր նաեւ Հոլանտան (Նետերլանտ)։ Առաջին ժողովրդային հանդիպումը հայաշատ քաղաքի՝ Ալմելոյի հայրենակիցներուն հետ էր։

Հանդիպման ընթացքին հայրենակիցներուն ներկայացուեցաւ Հայաստանի եւ Հայութեան այսօրուան իրավիճակը եւ հիմնական խնդիրները, ինչպէս նաեւ՝ Դաշնակցութեան առաջադրանքներն ու ծրագիրները: Ներկաները նաեւ հարցումներ ուղեցին օրուան բանախօսին եւ ստացան սպառիչ բացատրութիւններ:

Բիւրոյի ներկայացուցիչի երկրորդ հանդիպումը Հ.Յ.Դ. շարքերուն հետ էր: Այդ հանդիպման օրակարգը ընդգրկեց Հայաստանի եւ Արցախի իրավիճակը, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները, Դաշնակցութեան մօտակայ եւ երկարաշունչ ծրագիրները եւ ուղեկից միութիւններու Լիբանանի մէջ գումարելի համագումարը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles