

ՊՈՍԹԸՆ (Մասաչուսէց).- Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի 116-րդ Պատգամաւորական Ժողովը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 4-էն 8, 2013-ին, Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս եկողեցւոյ սրահին մէջ, մասնակցութեամբ շրջաններու ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալներու:
Ժողովը մանրամասնօրէն քննեց ներքին կազմակերպական, երիտասարդական, Հայաստան-Սփիւռք հարցեր եւ կատարեց առաջարկներ, որոնք աւարտին վերջնականապէս համադրուեցան բանաձեւի յանձնախումբին կողմէ:
Պատգամաւորները կը ներկայացնէին, զանազան շրջաններ, որոնց կարգին` Տիթրոյթ, Շիքակօ, Ռէյսին, Ֆլորիտա, Ռիչմընտ, Ուաշինկթըն, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Փրոնիտընս, Վուսթըր, Լօուըլ եւ հիւրընկալ Պոսթըն:
Ժողովի աւարտին, ընտրուեցաւ նոր Կեդրոնական Կոմիտէ մը: Նորընտիր մարմնին անդամներն են.- Արի Քիլեան, Թորոս Չէօփճեան, Անդրանիկ Գասպարեան, Անժէլ Մանուկեան, Արամ Յովակիմեան, Լեւոն Աթթարեան եւ Ռիչըրտ Սարաճեան: