ԱմերիկահայԼրահոս

Հ.Յ.Դ. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆ ԿՈՉ Կ'ՈՒՂՂԷ ՀՈԾ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՄԲ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ Հ.Ե.Դ.-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՑՈՅՑԻՆ ԵՒ ՄՕՏ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻ ՀՀ ԴԵՍՊԱՆ Թ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

arf-logo-transՀ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական Կոմիտէն, Սեպտեմբեր 13, 2009-ի թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, կը քննադատէ հայ եւ թուրք արտաքին գործոց նախարարութիւններու կողմէ հրապարակուած արձանագրութիւնները՝ դիւանագիտական կապեր հաստատելու համար:

Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական Կոմիտէն կը հաստատէ թէ Հայաստան եւ Թուրքիա «պէտք է որ քայլեր առնեն յարաբերութիւն հաստատելու», սակայն որեւէ արձանագրութիւն հարկ է որ ըլլայ առանց նախապայմանի եւ Հայաստանի ազգային շահերը վտանգող:

Հաղորդագրութեան մէջ, կը նշուի թէ սոյն արձանագրութիւններով «լուրջ սխալներ գործած է ՀՀ արտաքին քաղաքականութիւնը: Ինչպէս արձանագրութիւնները կը նշեն թէ Հայաստան տեղի տուած է Թուրքիոյ առաջադրած նախապայմաններուն, վտանգելով իր ազգային եւ պետական շահերը, որոնց կարգին յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացն ու Արցախի ինքնավարման ընթացքը»:

Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական Կոմիտէն կոչ կ°ուղղէ, իր տարածաշրջանէն ներս, բնակութիւն հաստատած  բոլոր ամերիկահայ գաղութներուն, որպէսզի իրենց մասնակցութիւնը բերեն խաղաղ ցոյցի մը՝ «Արդարութեան Համար Բողոք», որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2009-ին, Նիւ Եորքի Հայաստանի հանրապետութեան Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ներկայացչատան մօտ, 119 East 36th St., Նիւ Եորք:

Այս ցոյցը կազմակերպուած է Հ.Ե.Դաշնակցութեան կողմէ, որուն նպատակն է թիկունք կանգնիլ Հայոց Ցեղասպանութեան պատշաճ ճանաչման:

«Մենք կողքին ենք Հ.Ե.Դաշնակցութեան կազմակերպած ցոյցին…» յայտնեց Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ` ընկ. Անդրանիկ Գասպարեան, որ նաեւ աւելցուց թէ.- «Ամէն ճիգ պէտք է թափել, ներկայ ըլլալու համար, Նիւ Եորքի այս ցոյցին»:

Advertisement Subscribe Today

Այս ցոյցին կողքին, նաեւ շրջանը կազմակերպած է ելեկտրանամակով արշաւ մը, պայքարելու համար այս արձանագրութիւններուն դէմ:

Ասոր կողքին, մօտ ապագային, Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական Կոմիտէէն պատուիրակութիւն մը պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Ուաշինկթընի ՀՀ դեսպանատուն եւ իր դիրքորոշումը ներկայացնէ անցուդարձերուն մասին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button