
Շաբաթ, Դեկտեմբեր 5-ին, Փրովիտենսի (Րոտ Այլընտ) Հայ Կեդրոնի «Արամեան» կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան 125-ամեակի նշումը:
Տեղւոյն «Քրիստափոր» Կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Յակոբ Տոնոյեան բարի գալուստ մաղթեց ներկայ բազմութեան: Ապա, օրուան հանդիսավարը՝ Անտրու Պաղտասարեան, կարդաց Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի ներկայացուցիչ Լեըոն Աթթարեանի խօսքը:
Յատուկ յուշանուէրներ յանձնուեցան շրջանէն ներս ծառայող երեք համակիրներու՝ Փիթըր «Տոք» Պետրոսեանի, Լիլիըն Մարգարեանի եւ Հերի Քեշիկեանի, որոնք յաջորդաբար ներկայացուեցան Փօլ Հարոյեանի, Սթիւ Մեսրոպեանի եւ Սթիւ Էլմասեանի կողմէ:
Օրուան բանախօսն էր Տէյվիտ Գրիգորեան, որ խոր ապրումներով եւ օրինակներ բերելով անդրադարձաւ 125-ամեայ Հ.Յ.Դաշնակցութեան մասին: Ան աւարտին, յայտնեց թէ, երիտասարդութիւնն է որ պիտի պահէ այս կուսակցութեան յառաջադէմ գաղափարնռերն ու ընթացքը:
Կատարուեցաւ յատուկ մոմավառութիւն: Գեղարուեստական յայտագրով, ելոյթ ունեցաւ հանրածանօթ թենոր՝ Գէորգ Հաճեան, որ թէթ՛ ազգային-յեղափոխական եւ թէ՛ տոհմիկ երգերով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց:
Այս հանդիսութեան ներկայ էին շչջանի հովիւ՝ Կոմիտաս Պաղսարեան եւ իր օգնական Տէր Գաբրիէլ Նազարեանը: Նշենք թէ այս ձեռնարկը կը հովանաւորուէր նաեւ շրջանի «Համազգային»ի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Հ.Օ.Մ.-ի «Արաքս» եւ «Անի» մասնաճիւղերուն կողմէ: