
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15-ին Շուէտի մեծագոյն քաղաքներէն` Օրեպրուի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նորաստեղծ մասնաճիւղին հիմնադիր ժողովը, որ գործունէութեան սկսած է վեց ամիսէ ի վեր: Հիմնադիր ժողովին ներկայ գտնուեցան` Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ֆետի Խաժակ Գազանճեան, 18 տարիքը ամբողջացուցած 29 անդամներ եւ նորագիր 18 սկաուտներ: Ժողովին հիւրաբար մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շուէտի երեք մասնաճիւղերու` Սթոքհոլմի, Վեսթերոսի եւ Սոտերթելիոյ մեկուսի վարչութիւններուն ներկայացուցիչները, Սոտերթելիոյ մասնաճիւղի սկաուտական խմբապետական կազմը եւ Հ․Յ․Դ․ «Հիւսիսեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Մանօ Խորոզեան:
Օրեպրու մեկուսի շրջանը ունի 84 անդամագրուած անդամ:
Հիմնադիր ժողովին բացումը կատարուեցաւ «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգով: Ապա մասնաճիւղի կազմակերպչական յանձնախումբը կարդաց Օրեպրուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վեց ամսուան գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը: Այնուհետեւ ժողովականները կատարեցին մասնաճիւղի գործունէութեան կապուած առաջարկներ եւ ընտրեցին Օրեպրուի անդրանիկ վարչական կազմը` բաղկացած հետեւեալ անդամներէ` Շանթ Սահակեան, Սիլվի Թանաշեան, Րաֆֆի Մընճեան, Յակոբ Մելքոնեան, Թովմաս Սահակեան, Նուպար Սահակեան եւ Տիգրան Մաթոսեան:
Ընտրութենէն ետք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան վարչութեան յանձնեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ծրագիր-կանոնագիրը եւ դրօշը, իսկ Ֆետի Խաժակ Գազանճեան` միութեան սկաուտական դրօշը:
Հիմնադիր ժողովին յաջորդեց սկաուտական անդրանիկ խոստման արարողութիւնը, որուն, Կեդրոնական վարչութեան անդամներու կողքին, ներկայ գտնուեցան` շրջանի հոգեւոր հովիւ Վաղարշ քհնյ. Իսախանեան, Օրեպրուի Թաղական խորհուրդի ատենապետ Ֆորտ Նալպանտեան, շուէատական սկաուտութեան Օրեպրու նահանգի Շրջանային ընդհանուր խմբապետ Ալպին Էտլունտ, ՊԻԼՏԱ կազմակերպութեան ներկայացուցիչը, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ծնողներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Շանթ Սահակեան եւ հրաւիրեց Յարութ Տէր Ներսէսեանը եւ Նենսի Խաչատուրեանը` ստանձնելու հերթապահութիւնը եւ վարելու սկաուտական արարողութիւնը:
Կատարուեցաւ 14 նորագիր սկաուտներու խոստման արարողութիւն: Նորագիրները օրհնեց Վաղարշ քհնյ. Իսախանեան:
Ողջոյնի եւ յաջողութեան խօսքեր արտասանեցին` Օրեպրուի Շրջանային ընդհանուր խմբապետ Ալպին Էտլունտ, Թաղական խորհուրդի ատենապետ Ֆորտ Նալպանտեան, Վաղարշ քհնյ. Իսախանեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց եկեղեցի-դպրոց-ակումբ երրորդութեան կարեւորութիւնը` իբրեւ հայապահպանման կռուան: Ան ըսաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ. եղած է ու կը մնայ այն ապահով միջավայրը, որուն ծնողներ կրնան վստահիլ անվարան, եւ թէ Հ.Մ.Ը.Մ. մարդակերտումի եւ հայակերտումի հնոց է նորահաս սերունդներուն համար, եզրակացնելով, թէ այս օտար ափերուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մէջ սկաուտութեան եւ մարզախաղերու ճամբով նկարագիր եւ դիմագիծ կը կերտուի: