Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐԵ­ՒԵԼ­ԵԱՆ ՄԻ­ԱՑ­ԵԱԼ ՆԱ­ՀԱՆԳ­ՆԵ­ՐՈՒ ՄԻՋ-ՄԱՍ­ՆԱ­ՃԻՒ­ՂԱ­ՅԻՆ 23ՐԴ ՄԱՐ­ԶԱ­ԽԱ­ՂԵ­ՐԸ ՊՍԱԿ­ՈՒԵ­ՑԱՆ ՓԱՅ­ԼՈՒՆ ՅԱ­ՋՈ­ՂՈՒ­ԹԵԱՄԲ

0 0
Read Time:19 Minute, 24 Second

ggg  Քոյր ՆԱՅԻՐԻ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ-ՊԱԼԱՆԵԱՆ

Լուսանկարները` Ա. ՊԱԼԱՆԵԱՆ

yyyՀայկական առակը կ՛ըսէ, “Աստուած Մարդացաւ, որ Մարդը Աստուածանայ“, իսկապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրները` ռահվիրանները, այնպիսի մեծ տեսլականներ ունէին, որ շատ լաւ հիմերու եւ գաղափարաբանութեան վրայ դրած են Հ.Մ.Ը.Մ.ը, որ մինչեւ այսօր, շատ այժմէական է Շ. Քրիսեանի սոյն խօսքերը, “ Մեր նպատակը պիտի ըլլայ մարդ պատրաստել, եւ մարդեր են, որ կը պակսին“, “Ազգ մը խմբովին որակի տեսակէտով այնքան կ՛արժէ` որքան զինք կազմող անհատները անջատաբար“, “Ազգ մը կրթելը մարդ պատրաստել է, կին մը կրթելը` սերունդներ“: 95 տարիներ շարունակ Հ.Մ.Ը.Մ.ը մեծ խղճամտութեամբ կատարած է իր առաքելութիւնը ու մեր ազգին համար պատրաստած  ազգասէր, հայրասէր ու նուիրուած հայեր:CIMG0037

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Շրջանի  միջ-մասնաճիւղային 23րդ մարզախաղերը տեղի ունեցան Յուլիս 4-7, 2013ին, “եղբայրական Սիրոյ Քաղաքին“` Ֆիլատելֆիոյ մէջ, հովանաւորութեամբ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Առաջնորդ Օշական Արք. Չոլոյեանի, նախաձեռնութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան եւ հիւրընկալութեամբ Ֆիլատելֆիոյ մասնաճիւղին:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի սոյն մարզախաղերու գլխաւոր նպատակն է համախմբել սկաուտներ, մարզիկներ եւ համակիրներ, որ ընկերական եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի մը  վայել ձեւով ու ոգիով, իրարու հետ մրցին, ուրախանան եւ նոր ծանօթութիւններ ու բարեկամութիւններ ստեղծեն ու զիրար քաջալերեն, որովհետեւ վերջապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի նշանաբանը` “Բարձրացիր, Բարձրացուր“ն է:

Ֆիլատելֆոյ այս մարզախաղերու իրենց մասնակցութիւնը բերին շրջանի 9 մասնաճիւղերը.- Ալպընի, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Շիքակօ, Ուաշինկթըն, Պոսթըն, Տիթրոյթ, Փրովիտանս եւ Ֆիլատելֆիա:

Խումբ առ խումբ, մարզիկներ, սկաուտներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքի անդամները ժամանեցին Օդակայանի “Մարիոթ“ պանդոկը, ուր ներկաներուն շեշտուեցաւ կարգապահական օրէնքները, ներկայացուեցաւ յայտագիրը, մասնակցող մասնաճիւղերու պատասխանատուներու կողմէ:

CIMG9761 23րդ միջ-մասնաճիւղային խաղերը սկսան Յուլիս 4ին, առաւօտեան ժամը 9ին “Ափըր Մէրիոն“ բարձրագոյն վարժարանի համալիրի դաշտերուն, լողաւազանին եւ սրահներուն մէջ:

Խաղերը սկսան մեծ ոգեւորութեամբ:  Ոտնագնդակ, կողովագնդակ եւ վոլիպոլ, տարբեր, դաշտերու եւ սրահներու մէջ:  Մթնոլորտը միշտ ալ դրական եւ քաջալերական մնաց: Լողալու եւ վազքի մրցոյթներն ալ շատ հետաքրքական էին:

Գնահատելի էր մարզախաղերու ծրագրման, կազմակերպման եւ գործադրման համար ճիգ չի խնայած Շրջանային Մարզական Յանձնախումբը:CIMG9913

Աւելի քան 500 մարզիկ-մարզիկուհիներ, ծիլ, փոքր, կրտսեր, երէց ու վեթերան  դասակարգերով, իրենց մասնակցութիւնը բերին տարբեր մարզախաղերով, խմբային ու անհատական:  Ուրախութիւնը ոգեւորիչ էր, որովհետեւ վերջ ի վերջոյ, յաղթականը Հ.Մ.Ը.Մ.ական մըն էր:

Անձեր, որ կարելի չէ տեսնել ուրիշ որեւէ հայկական ձեռնարկներու, կու գան ու մարզախաղերու կը մասնակցին ու իրենց հայ ըլլալը կը յիշեն ու կը զգան:  Կարծեմ այդ՛ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հմայիչ ոյժն է:

Ցերեկուայ խաղերու զուգահեռ, կազմակերպուած էր եզակի երեկոյեան խրախճանքներ:  Իսկապէս յատկանշական էր դիտել ամէն տարիքի “երիտասարդութիւն“, որոնք Յուլիս 4ի երեկոյեան, մեծ հաճոյքով կ՛ունկնդրէին ու կը պարէին “Արցախ“, “Տաշեղ“(A Splinter), եւ “Վիզա“ խումբերու երգերուն: Տարբերակը շատ ճոխ ու մասնայատուկ էր:

Յուլիս 5ի երեկոն վերապահուած էր նշանաւոր Յարութ Փամպուքճեանին, որ այնքան մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց, որ նոյնիսկ անթացուպով երիտասարդներ պարեցին: Շուրջպարեր, զաnaզան հայկական անհատական ճարտար պարերու ոճեր …  Ուրախութիւնը շատ մեծ էր:  Յարութ ժողովորդի ուսերուն վրայ … անոնց կողքին, որպէսզի կարենան իրեն հետ նկարուիլ: Ան տա­կա­ւին պա­հած է իր հմայնքն ու դիւ­թան­քը:  Իս­կա­պէս ան­մո­ռա­նա­լի էր: Ամէն օր, եղ­բայր­ներ խո­րո­ված կը պատ­րաս­տէ­ին, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քոյ­րե­րը, զայն կը ծա­խէ­ին, զա­նա­զան այլ հա­մեղ ու­տե­լիք­նե­րու զու­գա­հեռ:  Նա­խա­ճա­շի հա­մար կար նշա­նա­ւոր “զէհ­թե­րով“ հա­ցը: Նկա­տե­լի էր երի­տա­սարդ­նե­րուն եւ մա­նուկ­նե­րուն ՀԱ­ՅԱ­ԽՕ­ՍՈՒ­ԹԻՒՆը,:  Գրե­թէ բո­լորն ալ հա­յե­րէ­նով կը պա­տաս­խա­նէ­ին իրենց ուղղ­ուած հա­յե­րէն հարց­ման:  Ըստ ին­ծի, այս է Հ.Մ.Ը.Մ.ի զօ­րու­թիւն­նե­րէն մէ­կը: Բա­ցա­յայտ էր Ֆի­լա­տելֆ­իոյ քոյ­րե­րու հիւ­րա­սի­րու­թիւնն ու սի­րա­լիր վե­րա­բեր­մուն­քը:CIMG9957

Մար­զա­խա­ղե­րու նա­խա­վեր­ջին օրը, Յու­լիս 6ին երե­կոյ­եան, կրկին “Մարի­ոթ“ պան­դո­կին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ “Յաղ­թա­նա­կի Ճաշ­կե­րոյթ Պա­րա­հան­դէ­սը“, ներ­կա­յու­թեամբ խուռ­նե­րամ     բազ­մու­թեան: Պա­տուոյ սե­ղա­նին վրայ Սրբա­զան Հօր կող­քին, տեղ գրա­ւած էին, Ֆի­լա­տելֆ­իոյ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ, Տէր Ներ­սէս Ա. քա­հա­նայ Մա­նուկ­եան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդ­րո­նա­կա­նի վար­չու­թեան ան­դամ` եղբ. Հրաչ Մես­րոպ­եան, Հ.Յ.Դ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ` ընկ. Ռաֆ­ֆի Հո­վա­կիմ­եան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի արե­ւել­եան Շրջա­նի Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան ատե­նա­պետ` եղբ. Յո­վիկ Աբ­գար­եան, Ֆի­լա­տելֆ­իոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ատե­նա­պետ եղ­բայր Արա Իշ­խան­եան եւ խա­ղե­րու յանձ­նա­խում­բի ատե­նա­պե­տու­հի` քոյր Ռի­թա Տէ­կիր­մէն­ճի: Քոյր Նա­թա­լի Փա­փազ­եա­նի Ամե­րի­կա­յի, Հա­յաս­տա­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայ­լերգ­նե­րը եր­գե­լէն ետք, եղ­բայր Արա Իշ­խան­եան, շատ հա­րա­զատ բա­րի գա­լուստ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կա­նի պատ­շաճ ոգի­ով եղած մրցում­նե­րուն ու խա­ղե­րուն հա­մար շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց եւ շնոր­հա­ւո­րեց բո­լոր մաս­նակ­ցող­նե­րուն եւ ապա խօսք տուաւ  կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն: Բո­լորն ալ իրենց կար­գին ջա­տա­գո­վե­ցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի կա­տա­րած առա­քե­լու­թիւնը եւ անդ­րա­դար­ձան միջ-մաս­նա­ճիւ­ղա­յին այս խա­ղե­րու շատ հե­զա­սահ ու ըն­կե­րա­կան յա­ռաջ խա­ղաց­ման ու աւար­տին:

Օր­ուայ մե­ծա­գոյն անակն­կա­լը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կա­նի Ար­տա­կարգ Յու­շա­տախ­տա­կին ու  Շքան­շա­նին պար­գե­ւատր­ուիլն էր շատ ար­ժա­նա­ւոր պա­տուոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ակա­նի մը` յան­ձինս Սրբա­զան Օշա­կան Արք. Չօլոյ­եա­նի, որ փոքր տա­րի­քէն, Սուր­իոյ Հա­լէպ քա­ղա­քին մէջ մտած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի  շար­քե­րը, ըլ­լա­լով գա­յլիկ եւ սկաուտ, իր հայ­րա­կան նուի­րու­մին ու իր Հ.Մ.Ը.Մ.ի հան­դէպ տա­ծած սի­րոյն ու քա­ջա­լե­րանք­նե­րուն հա­մար:  CIMG9963

Պա­հը շատ խորհր­դա­ւոր էր, երբ Սրբա­զա­նը այս գե­ղե­ցիկ անակն­կա­լէն  յուզ­ուած, վեր­յի­շեց իր ման­կու­թիւնն ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հա­լէ­պի մար­զա­խա­ղե­րը, ինչ­պէս նա­եւ անոնց ազ­դե­ցու­թիւնն ու տպա­ւո­րու­թիւնը իր մա­նուկ ու ապա պա­տա­նի հոգ­ւոյն մէջ: Ան ինք­զինք միշտ ալ հպարտ Հ.Մ.Ը.Մ.ենա­կան մը կը զգայ:

Հրա­ւիր­ուած էր Ֆի­լա­տելֆ­իոյ “Մեղ­րի“ պա­րա­խում­բը, որուն  աղ­ջիկ­նե­րը ներ­կա­նե­րը հմա­յե­ցին իրենց հե­զաճ­կուն ու քնքուշ պա­րե­րո­վը:

Օր­ուայ եր­գիչն էր, Ֆի­լա­տելֆ­իոյ նոր փե­սա­ցու` Գէ­որգ Ար­թին­եա­նը, որ իր գե­ղե­ցիկ ու շատ հա­ճե­լի ձայ­նո­վը մեծ ու­րա­խու­թիւն պատ­ճա­ռեց բո­լո­րին եւ գրե­թէ ամէն անձ կը պա­րէր:

Միջ-մաս­նա­ճիւ­ղա­յին խաղերը շատ հե­տաքրք­րա­կան ու հա­ճե­լի էին:  Ոտ­նագն­դա­կի խա­ղե­րը ներ­կա­նե­րը իրենց “մա­տե­րուն վրայ“ պա­հե­ցին, իսկ կո­ղո­վագն­դա­կը, պա­հեր եղան, որ մար­դիկ շունչ  չա­ռին, որ­պէս­զի հա­կա­ռակ խում­բին գնդա­կը, իրենց կո­ղո­վը չի  մտնայ:  Ին­ծի հա­մար շատ հե­տաքրք­րա­կան, գե­ղե­ցիկ ու տպա­ւո­րիչ  էր, ան­հատ­նե­րու հպար­տու­թիւնը իրենց Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան ըլ­լալ­նուն ու մեծ պա­տիւով մար­զա­խա­ղե­րու մաս­նակ­ցելուն, որով­հե­տեւ խում­բե­րէն ոմանք, հա­մալ­սա­րա­նա­ւարտ, մեծ պաշ­տօն ու­նե­ցող ան­ձեր են, որ սա­կայն ու­րա­խու­թեամբ ու հպար­տու­թեամբ կու գան մրցե­լու: Որոշ տա­րի­քի ան­ձեր,վե­թե­րան­ներ, որ վստահ եմ ամէն օր դժուա­րաւ ու գան­գա­տե­լով իրենց ան­կո­ղին­նե­րէն կ՛ել­լեն, եկած էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի շա­պիկ­նե­րը հագ­ուած կո­ղո­վագն­դակ խա­ղա­լու: Ան­հա­տա­կան խա­ղերն ալ շատ հե­տաքրք­րա­կան ու քա­ջա­լե­րե­լի էին:

Փակ­ման հան­դի­սու­թիւնը սկսաւ Կի­րա­կի, Յու­լիս 7-ին, “Մարի­ոթ“ պան­դո­կի մեծ սրահ­նե­րէն տա­կա­ւին պա­հած է իր հմայնքն ու դիւ­թան­քը:  Իս­կա­պէս ան­մո­ռա­նա­լի էր: Ամէն օր, եղ­բայր­ներ խո­րո­ված կը պատ­րաս­տէ­ին, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քոյ­րե­րը, զայն կը ծա­խէ­ին, զա­նա­զան այլ հա­մեղ ու­տե­լիք­նե­րու զու­գա­հեռ:  Նա­խա­ճա­շի հա­մար կար նշա­նա­ւոր “զէհ­թե­րով“ հա­ցը: Նկա­տե­լի էր երի­տա­սարդ­նե­րուն եւ մա­նուկ­նե­րուն ՀԱ­ՅԱ­ԽՕ­ՍՈՒ­ԹԻՒՆը,:  Գրե­թէ բո­լորն ալ հա­յե­րէ­նով կը պա­տաս­խա­նէ­ին իրենց ուղղ­ուած հա­յե­րէն հարց­ման:  Ըստ ին­ծի, այս է Հ.Մ.Ը.Մ.ի զօ­րու­թիւն­նե­րէն մէ­կը: Բա­ցա­յայտ էր Ֆի­լա­տելֆ­իոյ քոյ­րե­րու հիւ­րա­սի­րու­թիւնն ու սի­րա­լիր վե­րա­բեր­մուն­քը:

CIMG9970Մար­զա­խա­ղե­րու նա­խա­վեր­ջին օրը, Յու­լիս 6ին երե­կոյ­եան, կրկին “Մարի­ոթ“ պան­դո­կին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ “Յաղ­թա­նա­կի Ճաշ­կե­րոյթ Պա­րա­հան­դէ­սը“, ներ­կա­յու­թեամբ խուռ­նե­րամ     բազ­մու­թեան: Պա­տուոյ սե­ղա­նին վրայ Սրբա­զան Հօր կող­քին, տեղ գրա­ւած էին, Ֆի­լա­տելֆ­իոյ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ, Տէր Ներ­սէս Ա. քա­հա­նայ Մա­նուկ­եան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդ­րո­նա­կա­նի վար­չու­թեան ան­դամ` եղբ. Հրաչ Մես­րոպ­եան, Հ.Յ.Դ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ` ընկ. Ռաֆ­ֆի Հո­վա­կիմ­եան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի արե­ւել­եան Շրջա­նի Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան ատե­նա­պետ` եղբ. Յո­վիկ Աբ­գար­եան, Ֆի­լա­տելֆ­իոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ատե­նա­պետ եղ­բայր Արա Իշ­խան­եան եւ խա­ղե­րու յանձ­նա­խում­բի ատե­նա­պե­տու­հի` քոյր Ռի­թա Տէ­կիր­մէն­ճի: Քոյր Նա­թա­լի Փա­փազ­եա­նի Ամե­րի­կա­յի, Հա­յաս­տա­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայ­լերգ­նե­րը եր­գե­լէն ետք, եղ­բայր Արա Իշ­խան­եան, շատ հա­րա­զատ բա­րի գա­լուստ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կա­նի պատ­շաճ ոգի­ով եղած մրցում­նե­րուն ու խա­ղե­րուն հա­մար շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց եւ շնոր­հա­ւո­րեց բո­լոր մաս­նակ­ցող­նե­րուն եւ ապա խօսք տուաւ  կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն: Բո­լորն ալ իրենց կար­գին ջա­տա­գո­վե­ցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի կա­տա­րած առա­քե­լու­թիւնը եւ անդ­րա­դար­ձան միջ-մաս­նա­ճիւ­ղա­յին այս խա­ղե­րու շատ հե­զա­սահ ու ըն­կե­րա­կան յա­ռաջ խա­ղաց­ման ու աւար­տին:

Օր­ուայ մե­ծա­գոյն անակն­կա­լը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կա­նի Ար­տա­կարգ Յու­շա­տախ­տա­կին ու  Շքան­շա­նին պար­գե­ւատր­ուիլն էր շատ ար­ժա­նա­ւոր պա­տուոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ակա­նի մը` յան­ձինս Սրբա­զան Օշա­կան Արք. Չօլոյ­եա­նի, որ փոքր տա­րի­քէն, Սուր­իոյ Հա­լէպ քա­ղա­քին մէջ մտած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի  շար­քե­րը, ըլ­լա­լով գա­յլիկ եւ սկաուտ, իր հայ­րա­կան նուի­րու­մին ու իր Հ.Մ.Ը.Մ.ի հան­դէպ տա­ծած սի­րոյն ու քա­ջա­լե­րանք­նե­րուն հա­մար:

Պա­հը շատ խորհր­դա­ւոր էր, երբ Սրբա­զա­նը այս գե­ղե­ցիկ անակն­կա­լէն  յուզ­ուած, վեր­յի­շեց իր ման­կու­թիւնն ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հա­լէ­պի մար­զա­խա­ղե­րը, ինչ­պէս նա­եւ անոնց ազ­դե­ցու­թիւնն ու տպա­ւո­րու­թիւնը իր մա­նուկ ու ապա պա­տա­նի հոգ­ւոյն մէջ: Ան ինք­զինք միշտ ալ հպարտ Հ.Մ.Ը.Մ.ենա­կան մը կը զգայ:

Հրա­ւիր­ուած էր Ֆի­լա­տելֆ­իոյ “Մեղ­րի“ պա­րա­խում­բը, որուն  աղ­ջիկ­նե­րը ներ­կա­նե­րը հմա­յե­ցին իրենց հե­զաճ­կուն ու քնքուշ պա­րե­րո­վը:

Օր­ուայ եր­գիչն էր, Ֆի­լա­տելֆ­իոյ նոր փե­սա­ցու` Գէ­որգ Ար­թին­եա­նը, որ իր գե­ղե­ցիկ ու շատ հա­ճե­լի ձայ­նո­վը մեծ ու­րա­խու­թիւն պատ­ճա­ռեց բո­լո­րին եւ գրե­թէ ամէն անձ կը պա­րէր:

Միջ-մաս­նա­ճիւ­ղա­յին խաղերը շատ հե­տաքրք­րա­կան ու հա­ճե­լի էին:  Ոտ­նագն­դա­կի խա­ղե­րը ներ­կա­նե­րը իրենց “մա­տե­րուն վրայ“ պա­հե­ցին, իսկ կո­ղո­վագն­դա­կը, պա­հեր եղան, որ մար­դիկ շունչ  չա­ռին, որ­պէս­զի հա­կա­ռակ խում­բին գնդա­կը, իրենց կո­ղո­վը չի  մտնայ:  Ին­ծի հա­մար շատ հե­տաքրք­րա­կան, գե­ղե­ցիկ ու տպա­ւո­րիչ  էր, ան­հատ­նե­րու հպար­տու­թիւնը իրենց Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան ըլ­լալ­նուն ու մեծ պա­տիւով մար­զա­խա­ղե­րու մաս­նակ­ցելուն, որով­հե­տեւ խում­բե­րէն ոմանք, հա­մալ­սա­րա­նա­ւարտ, մեծ պաշ­տօն ու­նե­ցող ան­ձեր են, որ սա­կայն ու­րա­խու­թեամբ ու հպար­տու­թեամբ կու գան մրցե­լու: Որոշ տա­րի­քի ան­ձեր,վե­թե­րան­ներ, որ վստահ եմ ամէն օր դժուա­րաւ ու գան­գա­տե­լով իրենց ան­կո­ղին­նե­րէն կ՛ել­լեն, եկած էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի շա­պիկ­նե­րը հագ­ուած կո­ղո­վագն­դակ խա­ղա­լու: Ան­հա­տա­կան խա­ղերն ալ շատ հե­տաքրք­րա­կան ու քա­ջա­լե­րե­լի էին:

Փակ­ման հան­դի­սու­թիւնը սկսաւ Կի­րա­կի, Յու­լիս 7-ին, “Մարի­ոթ“ պան­դո­կի մեծ սրահ­նե­րէն մէ­կուն մէջ:

Շատ յու­զիչ ու հո­գե­պա­րար վա­յելք մըն էր ակա­նա­տես ըլ­լալ աւե­լի քան 500 սկաուտ­նե­րու եւ մար­զիկ­նե­րու տո­ղանց­քին շե­փո­րա­խում­բի նուագ­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ:

CIMG9944Դրօ­շա­կա­կիր­նե­րու առաջ­նոր­դու­թեամբ, կար­գով տո­ղան­ցե­ցին  շրջա­նի ընդ­հա­նուր սկաու­տա­կան կազ­մերն ու մար­զիկ­նե­րը: Շատ հե­տաքրք­րա­կան էր ու յու­զիչ, երբ անոնց ետե­ւէն մտան խա­ղե­րու օգ­նա­կան­նե­րը, որոնց­մէ շա­տեր իրենց թոռ­նիկ­նե­րուն` ապա­գայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական­ներու  ձեռ­քէն բռնած էին ու շատ փոքր երա­խա­նե­րը` գրկած:  Փայ­լուն է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ապա­գան:

Օր­ուան հան­դի­սա­վարն էր եղբ. Սար­գիս Տրամ­կոչ­եա­նը, որ ներ­կա­յա­ցուց բարձ­րա­ճա­կատ ու հպարտ տո­ղան­ցող մեր ապա­գայ սե­րուն­դը:  Քոյր Նա­թա­լի Փա­փազ­եան եր­գեց Ամե­րիկ­եան, Հայ­կա­կան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայ­լերգ­նե­րը, որ­մէ ետք խօսք տրուե­ցաւ Ֆի­լա­տելֆ­իոյ մաս­նա­ճիւ­ղի ատե­նա­պետ, եղբ. Արա Իշ­խան­եա­նին, որ իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­ներն ու բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցեց ներ­կա­նե­րուն:  Ընկ. Հրանդ Խա­չա­տուր­եան Հ.Ե.Դ.-ի կող­մէ իր շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցեց, որ­մէ ետք րնկե­րու­հի Շնոր­հիկ Գա­րա­գել­եան Հ.Օ.Մ.ի շնոր­հա­ւո­րու­թեան կող­քին ըն­կե­րու­հի­նե­րու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւնը յայտ­նեց միշտ զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի: Եղբ. Յո­վիկ Աբ­գար­եան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արե­ւել­եան Շրջա­նի Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան ատե­նա­պե­տը իր հո­գե­պա­րար  պատ­գա­մը տուաւ, շնոր­հա­ւո­րեց ու քա­ջա­լե­րեց:

Ապա խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կա­նի անդամ եղբ. Հրաչ Մես­րոպ­եան, որ շեշ­տեց թէ աւե­լի կա­րե­ւո­րը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի յաղ­թա­նակն է, եւ ոչ թէ ան­հա­տա­կա­նը .. ձգենք մեր հետ­քը, փայ­լուն ապա­գա­յի հաշ­ւոյն .. Հ.Մ.Ը.Մ.-ա­կան ըլ­լա­լը զո­հո­ղու­թիւն է, սա­կայն հպար­տու­թիւն ալ է.. յի­շեց   թէ “High Way“նե­րը, ուր ըն­դա­նա­լը աւե­լի դիւ­րին է, ան­հա­տի մը տուն չեն տա­նիր, այլ փոքր ճա­նա­պարհ­նե­րը, որ յա­ճախ փո­շոտ ու քարք­րոտ են, մեզ տուն կը հասց­նեն, նոյն­պէս ալ կեան­քի մէջ, հեշտ ձե­ւե­րը տեղ հաս­նե­լու ճիշդ տե­ղը մեզ չեն հասց­ներ .. եր­բեմն դժուար ու­ղի­ներն են, որ մեզ կը հասց­նեն:

Փակ­ման հան­դի­սու­թիւնը աւար­տե­լէ առաջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ Բա­ժակ­նե­րու բաշ­խում: Եղբ. Սար­գիս Դար­բին­եան, Շրջա­նա­յի­նի Մար­զա­կան պա­տաս­խա­նա­տու, մեծ հպար­տու­թեամբ բա­ժակ­նե­րը բաշ­խեց, նշե­լով, որ շքան­շան­ներն ու բա­ժակ­նե­րը, ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին փո­շի կը հա­ւա­քեն սա­կայն յի­շա­տակ­ներն են, որ յա­ւերժ կը մնան ….Եղբ. Արա Մար­կոս­եա­նի Շրջուն Բա­ժա­կը, որ “Լա­ւա­գոյն Մար­զա­կան Ոգին“ Խորհր­դան­շող Մաս­նա­ճիւ­ղին կը յանձն­ուի, տրուե­ցաւ Փրո­վի­տան­սի Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, լո­ղա­լը` Ուա­շինկ­թը­նին, Վազ­քը` Ֆի­լա­տելֆ­իոյ, Կրտսեր Մար­դոց Կո­ղո­վագն­դա­կը` Ֆի­լա­տելֆ­իոյ, Երէց մար­դոց Կո­ղո­վագն­դա­կը` Նիւ Ճըրզիի, Վե­թե­րան­նե­րու կո­ղո­վագն­դա­կը` Ֆի­լա­տելֆ­իոյ, Ճան­ճիկ (Midget)` տղոց կո­ղո­վագն­դա­կը` Նիւ Ճըրզիի, Մա­նուկ­նե­րու (PW)`  Կո­ղո­վագն­դա­կը` Ֆի­լա­տելֆ­իոյ, Մա­նու­կե­րու (PW) Ոտ­նագն­դա­կը` Ուա­շինկ­թը­նի, Երէց մար­դոց Վո­լի­պո­լը, Ուա­շինկ­թը­նի, Երէց կա­նանց Վո­լի­պո­լը`  Նիւ Եոր­քի, Երէց Կա­նանց  Կո­ղո­վագն­դա­կը` Նիւ Եոր­քի, Երէց Մար­դոց Ոտ­նագն­դակը Պոս­թո­նի, Ամե­նա­բա­րե­լաւ­ուած Մաս­նա­ճիւ­ղը` Ֆի­լա­տելֆ­իա, Ամե­նա­շատ Կէ­տեր Շա­հող Խում­բը` Ֆի­լա­տելֆ­իա:

Մեծ հպար­տու­թիւն եւ եր­ջան­կու­թիւն էր տե­ղե­կա­նալ, թէ Արե­ւել­եան Շրջա­նէն 51 մար­զիկ­ներ ու մար­զի­կու­հի­ներ, իրենց 4 մա­զիչ­նե­րուն հետ, Յու­լիս 24-էն մին­չեւ Օգոս­տոս 4, Հա­յաս­տան պի­տի այ­ցե­լեն, մաս­նակ­ցե­լու Հա­մա Հ.Մ.Ը.Մ.-ական Մրցա­խա­ղե­րուն:

Յա­ռա­ջի­կայ տար­ուայ Միջ-Մաս­նա­ճիւ­ղա­յին խա­ղե­րու հիւ­րըն­կալ մաս­նա­ճիւղն է Նիւ Եոր­քը եւ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Նիւ Եոր­քի մէջ:

Հուսկ Հայ­րա­կան իր շի­նիչ ու լա­ւա­տես պատ­գա­մը տուաւ Սրբա­զան Հայ­րը ու աղօթ­քով աւար­տեց հան­դի­սու­թիւնը:

Վստահ եմ, որ իմ սե­րուն­դիս ներ­կա­նե­րուն, սոյն խա­ղե­րը տա­րին անց­եա­լը.. զիս Հա­լէպ` Նոր Գիւղ, ուր ես “Կա­կուղ Թա­թիկ“ էի, ու առա­ջին ու վեր­ջին ան­գամ մաս­նակ­ցե­ցայ տո­ղանց­քի.. Ապա Հ.Օ.Մ.-ի արծ­ուիկ, Էշ­րեֆի­էի Ազա­տա­մարտ ակում­բէն: Սկաու­տա­կան եր­դու­մը, “Պատ­ւոյս վրայ կ՛երդ­նում ըլ­լալ հա­ւա­տա­րիմ Աս­տու­ծոյ ու ծա­ռա­յել հայ­րե­նի­քիս …“ մին­չեւ այ­սօր կեան­քիս վրայ մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած է:  Ճիշդ է, որ ան­ձի մը դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւնը  նախ կը սկսի տու­նէն, ապա վար­ժա­րանն ու հայ­կա­կան միու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, իրենց կա­րե­ւոր դե­րը կը խա­ղան անձ­նա­ւո­րու­թեան մը կերտ­ման ու կոփ­ման մէջ:  Ու­րեմն շատ կա­րե­ւոր է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ու անոր առաջ­նորդ­նե­րու դե­րը: Կար­գա­պա­հու­թիւն, յար­գանք մե­ծե­րու եւ փոք­րե­րու հան­դէպ, պար­տա­կա­նու­թեան գի­տակ­ցու­թիւն, կը սա­տա­րեն պատ­րաս­տե­լու վաղ­ուան Հ.Մ.Ը.Մ.-ա­կան առաջ­նոր­դը, որ մոռ­նա­լով “ես“ը, կ՛աշ­խա­տի “մենք“ին հա­մար:

Իր շատ մը ար­ժա­նիք­նե­րու կար­գին, Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր ծննդո­ցէն ի վեր գործ­նա­կան կեր­պով հայ կի­նը հա­ւա­սար պատ­ուան­դա­նի վրայ դրած է հայ մար­դու կող­քին, որով­հե­տեւ հիմ­նադ­րե­րը գի­տակ­ցած են անոր ու­ժին ու կա­րո­ղու­թեան: Հայ Ըն­տա­նի­քի սրբու­թեան մէջ, մեծ դեր ու­նի զար­գա­ցած, ազ­նիւ, հայ­րե­նա­սէր  ու “ազա­տագր­ուած“ հայ կի­նը:

Եր­ջա­նիկ 95 ամեակ մեր սի­րե­լի Հ.Մ.Ը.Մ.-ին: Շա­րու­նա­կէ միշտ “Բարձ­րա­նալ ու Բարձ­րաց­նել“: Վարձ­քեր­նիդ կա­տար, շատ լաւ կազ­մա­կեր­պած էիք ամէն ինչ: Բո­լո­րիդ աշ­խա­տան­քը շատ գնա­հա­տե­լի է:  Ա-Պ-Ր-Ի-Ս, Ապ­րիք, ապ­րիք, ապ­րիք:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles