Հ.Մ.Ը.Մ. ԱԼՊԸՆԻ ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔԸ Ի ՆՊԱՍՏ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 33 Second
Ձախէն աջ. Ալպընիի Սուրիահայութեան օժանդակութեան ֆոնտի անդամներ` տոքթ. Լեւոն Էլէյճեան, Արա Մահսերէճեան (շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի ատենապետ), Լենա ԿիւլեսէրեանՀոկլընտ, Իզապել Քիւպիքեան, Արա Աշճեան, Ռիթա Կիւլեսէրեան, Պեթի Մինասեան եւ Լիզա Պարտաքճեան:

Անց­եալ Ապ­րիլ ամս­ուան ըն­թաց­քին, Ալ­պընիի (Նիւ Եորք) Հ.Մ.Ը.Մ.-ը կազ­մա­կեր­պեց ձեռ­նարկ մը, որուն ըն­թաց­քին կա­րե­լի եղաւ հա­ւա­քել $8,888 գու­մար մը: Այս սրտա­բուխ նուի­րա­տու­ութիւն­նե­րը տրա­մադր­ուե­ցան Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան օժան­դա­կու­թեան ֆոն­տին:

Լիզա Պարտաքճեան օրուան հաւաքին ընթացքին, կը ներկայացնէ զեկուցում մը, Սուրիոյ ներկայ իրավիճակին մասին:
Լիզա Պարտաքճեան օրուան հաւաքին ընթացքին, կը ներկայացնէ զեկուցում մը, Սուրիոյ ներկայ իրավիճակին մասին:

Այս առ­թիւ կազ­մա­կերպ­ուած էր հիւ­րա­սի­րու­թիւն – ընթ­րիք եւ յա­տուկ յայ­տա­գիր մը, որուն ըն­թաց­քին լսա­տե­սո­ղա­կան ար­դի մի­ջոցնե­րով յա­ւել­եալ եւ ման­րա­մասն զե­կու­ցում­ներ տրուած էր ներ­կայ իրա­վի­ճա­կին մա­սին:

Ալ­պընիի Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան օժան­դա­կու­թեան ֆոն­տը կը բաղ­կա­նայ հե­տեւ­եալ ան­դամ­նե­րէ` տոքթ. Լե­ւոն Էլէյճ­եան, Արա Մահ­սե­րէճ­եան (շրջա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մաս­նա­ճիւ­ղի ատե­նա­պետ), Լե­նա Կիւ­լե­սէր­եան-Հոկ­լընտ, Իզա­պել Քիւ­պիք­եան, Արա Աշճ­եան, Ռի­թա Կիւ­լե­սէր­եան, Պե­թի Մի­նաս­եան եւ Լի­զա Պար­տաքճ­եան:

Գա­ղու­թէն ներս ստեղծ­ուած էր այն մթնո­լոր­տը, որ մղոն­ներ հե­ռու Հա­լէ­պէն, կա­րե­լի եղած էր հա­ւաք­ուիլ այս շօ­շա­փե­լի գու­մա­րը հա­ւա­քել:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles