Հ.Մ.Ա.Կ.-ի 31-րդ Պատգամաւորական Ժողովի Մեկնարկ
ԹԵՀՐԱՆ ․ – Հոկտեմբերի 28-ին, «Արարատ» մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէգեան» սրահին մէջ, կատարուեցաւ Հայ Մարմնակրթական Արարատ Կազմակերպութեան 31-րդ պատգամաւորական Ժողովի պաշտօնական բացումը։
Հ.Մ.Ա.Կ.-ի «Արարատ» եւ Հ.Հ.Մ.Ը.-ի «Տաւիղ» համատեղ երգչախումբը՝ Արփի Սիմրոջեան – Նազարեանի ղեկավարութեամբ, երգեց կազմակերպութեան քայլերգը։
Ներկայացուեցաւ շրջանաւարտ վարչութեան 29-ամսեայ գործունէութիւնը։ Կազմակերպութեան շրջանաւարտ վարչութեան անունով Արտոյտ Զոհրապեանը ներկայացուց վարչութեան 29-ամսեայ գործունէութեան ամփոփ զեկուցագիրը։ Ապա ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որ կը ներկայացնէր կազմակերպութեան տարբեր միաւորներու աշխատանքները։
Այնուհետեւ, իրենց խօսքերով հանդէս եկան «Համազգային»-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Հայաստանից ժամանած Արտաշէս Շահպազեանն ու «ԱԼԻՔ» հաստատութեան ներկայացուցիչ, օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Շահնազարեան։
Խօսքերու յաջորդականութիւնը եզրափակուեցաւ Թեհրանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արքեպիսկոպոս Սարգսեանի օգնական Տ. Առաքել Աբեղայ Գատեհճեանի օրհնութեան ելոյթով։
Միջոցառման ներկայ էին՝ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Սեւան Տանիէլեան, Իրանի պատգամաւոր Արա Շահվերտեան, «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչներ, թեմական Խորհրդի ատենապետ Վարուժ Յովհաննիսեան, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ միութենականներ։

