Հ.Հ. ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇՓՈԹ ՀԱՍՑԷԱՏԵՏՐԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 33 Second

Կարօ Արմենեան
Սեպտեմբեր 24, 2019

Չեմ ուզեր ըստ էութեան քննարկել Վարչապետ Փաշինեանի Ա.Մ.Ն. այցելութեան հանգամանքները, որոնք կը կարօտին մանրամասն և բազմակողմանի վերլուծման։

Կ՚ուզեմ պարզապէս յիշեցնել, որ քանիցս ընդգծած եմ կենսական կարևորութիւնը Հայաստանի մէջ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան։ Այսօրուան պայմաններուն մէջ, խորհրդարանական ընդդիմութիւնը ի վիճակի չէ ընդդիմադրութեան բնականոն պատասխանատւութիւնները ստանձնելու։ Ան թոյլ է, անկերպարան, տարտղնուած և քաղաքականօրէն պատանդ՝ գործադիր իշխանութեան առաջնահերթութիւններուն։

Պէտք է լրջօրէն մտահոգուիլ քաղաքական բեմէն խորհրդարանի այս էական բացակայութեան համար։ Վարչապետ Փաշինեան ցարդ գործնական քայլեր չէ առած այս վտանգաւոր բացը գոցելու ուղղութեամբ։ Քանիցս յիշեցուցած ենք Պր. Վարչապետին, որ ներկայիս միայն մէկ միջոց կայ այս մարզին մէջ իրական և դրական տեղաշարժ իրագործելու։ Խօսի՛լ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան (և յատկապէս Դաշնակցութեան) հետ և զայն ընդգրկել երկրի քաղաքական գործընթացի բոլոր վճռական փուլերուն մէջ։ Վերածե՛լ երկիրը մասնակցային ժողովրդավարութեան և հնարաւոր դարձնել, որ երկրի միասնականութիւնը ինքզինք ի նորոյ գոյաւորէ և բանայ նոր դարը ՀՀ ազգային համերաշխութեան։

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Ներկայացուցիչը իր վերջին ելոյթով կը հաստատէ, որ կառավարութիւնը որևէ քայլ չէ առած այս մարզին մէջ և քաղաքական ուժերու յարաբերութիւնները կը մնան մեռեալ կէտի վրայ։

Ի փոխարէն՝ Պր. Վարչապետը Ա.Մ.Ն.-ի ելոյթներու իր բեմէն կը յորդորէ՝ ,…Ա.Մ.Ն.-ում Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչների հետ հանդիպման ժամանակ Հ.Հ. վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան (դիտել կու տայ), որ Հ.Յ.Դ.-ն պէտք է որոշակի վերագնահատումներն անի վերջին շրջանում Հ.Հ.-ում ծաւալած իր գործունէութեան վերաբերեալ։

Յստակ շփոթ մը կայ այստեղ վարչապետական պատգամատւութեան ձևին հետ կապուած, որ անպայման պէտք է սրբագրուի։ Վարչապետական հասցէատետրը պէտք է միանգամընդմիշտ յստակացուի։ Քաղաքական յարաբերութիւններու բացը երկրի քաղաքական բեմին վրայ է այսօր և ոչ հեռաւոր Ամերիկայի մէջ։ Երկրի մայրաքաղաքին մէջն է, որ կողմերը պիտի սկսին սրտբացօրէն խօսիլ իրարու հետ և ոչ՝ Ա.Մ.Ն.-ի մէջ։ Երևանի մէջ է, որ պէտք է վառել խարոյկը, Պր. Վարչապետ, որպէսզի անոր բոցերը իսկապէս հասնին քաղաքական բեմի բոլոր ոլորտներուն և շղթայազերծեն մեր ազգային մեծ տեղաշարժը, որուն կենսական կարիքը ունինք երկար ատենէ ի վեր։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “Հ.Հ. ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇՓՈԹ ՀԱՍՑԷԱՏԵՏՐԸ

  1. Շատ լաւ է աս մտածումները: Պէտք չէ մոռնանք որ մեր հին խելացի մարդերէն մէկը ըսած է որ քաջերը իրենց սահմանը իրենց զէնքով կըգծեն: Փաշինեանը անանկ կընէ իր հասկցած ձեւով. ուրիշներուն կը մնայ նույնպէս ընել, միայն թէ առանց զէնքի, որովհետեւ հին խօսքը չի ըսէր որ հայերուն զէնքը պէտք է իրարու դիմաց գործածուին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles