
Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը կը տեղեկացնէ թէ Պէյրութի մէջ, Կիրակի, Հոկտեմբեր 16-ին միութեան հիմնադրութեան 85-ամեակը նշած է պատշաճ հանդիսութեամբ մը:
Միութեան խօսքը արտասանեց Վիգէն Չերչեան, որ ըսաւ, թէ յոբելենական տարիները առիթ են պահ մը կանգ առնելու, անցեալի գործունէութիւնը արժեւորելու եւ վաղուան օրը ծրագրաւորելու, ապա դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս Հ.Բ.Ը.Մ.-ը իր հիմնադրութենէն ետք դարձած է աշխարհացրիւ հայութեան վստահութեան ապառաժը, եւ իր կոչումով, ծառայութիւններուն եւ իրագործումներուն շնորհիւ դարձած է հայ մտքի եւ ոգիի կոթողը, հայ ժողովուրդի յոյսի եւ հաւատքի խորհրդանիշը, հայկական ազգային գիտակցութեան եւ ժառանգութեան պահապանը: Ան նշեց, որ Հ.Ե.Ը.-ի հիմնական նպատակն է սատարել նոր սերունդի դաստիարակութեան եւ կազմաւորման, երիտասարդութեան մէջ զարգացնել մարդկային, ազգային եւ քաղաքացիական գիտակցութիւնը, սէր եւ նուիրում սերմանել հայրենիքին, ազգին, եկեղեցիին եւ պանծալի մշակոյթին նկատմամբ: