Լրահոս

Հ․Հ․ Նախագահ Սարգսեան Համաշխարհային Վեհաժողովին Յիշեցուց «Քորոնա»-ի Օրերուն Ատրպէյճանի Սադրիչ Յարձակումները

ԵՐԵՒԱՆ․- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան Արտադրութեան եւ արդիւնաբերութեան համաշխարհային վեհաժողովին` խօսելով «Քորոնա» ժահրին, աշխարհին մէջ տիրող անորոշութիւններուն, փոխուող աշխարհին մասին, անգամ մը եւս յիշեցուց, որ այն փուլին, երբ թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Ազրպէյճան կը պայքարէին «Քորոնա» ժահրին դէմ, Ատրպէյճան ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկեց Հայաստանի հետ սահմանին վրայ: Նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկաւ վեհաժողովի` «Յետհամավարակային աշխարհին մէջ բարգաւաճման վերականգնումը» խորագիրով քննարկման: Հանրապետութեան նախագահը խօսեցաւ «Քորոնա» ժահրին եւ այդ գծով իր մտահոգութիւններուն մասին: Ան նկատել տուաւ, որ մարդիկ կեդրոնացած են մեծ քաղաքներու մէջ, կան բոլոր պայմանները, որ ժահրը աւելի արագ տարածուի: Սարգսեանի համաձայն, «Քորոնա»-ն մեր շուրջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն հետեւանքն է, եւ ոչ թէ պատճառը` հաստատելով, որ աշխարհը կը փոխուի:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button