Ստեղծուած պատկերը յար եւ նման է, Ցիւրիխի մէջ կատարուած ստորագրութիւններու նախօրեակին, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնած այցելութիւններուն հայահոծ գաղութներ, ունկնդրելու եւ լսելու համար այս վերջիններուն կարծիքն ու տեսակէտները, Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչութեամբ:
Այս անգամ, հանդիպում առաջարկողը բոլորովին վերապահուած է ամերիկահայուն: Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, վերջերս Միացեալ Նահանգներու հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հրաւէր մը յղած է, յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին, քննելու սոյն յարաբերութիւնները բնականոնացնել միտող եւ արդէն իսկ անցեալ Հոկտեմբեր 10-էն ի վեր ստորագրուած արձանագրութիւնները:
Հոս տեղին է շուտով հարցադրել: Ի՞նչ է կապը, ամիսներ առաջ կատարուած ՀՀ նախագահի այցելութեան եւ Հիլըրի Քլինթընի այս հրաւէրին: Ինչո՞ւ կեդրոնանալ այս երկու եղելութիւններուն վրայ:
Պատճառը` նիւթէն, հարցէն եւ ստեղծուած առիթէն աւելի, նոյնինքն ՀՐԱՒԷՐն ու անոր ետին թաքնուած կամ աւելի ճիշդը յստակօրէն պարզուած ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾներն են, որոնք հարցադրումներ կը ստեղծեն եւ հայորդին կը փոխադրեն դէպի տուայտանք, տատամսում եւ ցասում:
Ամիսներ առաջ, Հոկտեմբերեան առաջին օրերուն, Նիւ Եորքի եւ ապա քանի մը օր ետք, Լոս Անճելըսի մէջ, հրաւիրուած միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, արդարօրէն չէին ներկայացներ ամերիկահայ գաղութին իսկական պատկերը: Դժբախտաբար, ամիսներ ետք, միեւնոյն յանկերգը կը կրկնուի այս անգամ «Սպիտակ Տան» նախաձեռնութեամբ: Տիկին Քլինթըն հրաւիրած է Հայ Առաքելական Էջմիածնական Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ա.Մ.Ն.-ի թեմը, «Հայկական Համագումար»ը («Ասեմպլի»ն), Հ.Բ.Ը.Մ.-ը, «Վարդանանց Ասպետներ» կազմակերպութիւնը եւ …«Հայ Դատ»ի յանձնախումբը:
Բացականերու շարքը երկար է: Նախա՞նձ, մանկամտութի՞ւն…Ո՛չ: Ընդհակառակը` Արդարութիւն եւ Ողջմտութիւն: Անտեղի է մէկ առ մէկ նշել, Հայ Օգնութեան Միութիւնէն մինչեւ…: Սակայն յոյժ յիշատակելի է Քլինթընի «կաֆ»ը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ա.Մ.Ն.-ի թեմի ակներեւ մոռացումը…կամ դիտմամբ նկատի չառնուիլը:
Հլու կամակատարներու ներկայութեամբ, գնդակը կը գլորի… «Ֆութպոլային քաղաքականութիւն»ը այս ձեւով ալ կը շարունակուի Նոր Աշխարհէն ներս: Հոս ալ իրաւարարը իր անիրաւ գործը տեսած է, համախմբելով իր մարդիկը` «Ես մէն»ները:
“ՀԱՅՐԵՆԻՔ”