

Թղթակից
Կիրակի, Յունուար 21-ի յետմիջօրէին, Ուաթըրթաունի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ «Թաւրիզեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան 11-ամեակի նշում, կազմակերպութեամբ «Տինքի Բարեկամներ» հիմնարկին:
Աւելի քան 150 ներկաներու, օրուան հանդիսութեան բացումը կատարեց եկեղեցւոյ հովիւ Առաքել Ալճալեան, եւ բեմ հրաւիրեց օրուան հանդիսավար՝ Հերման Բրուտեանը, որ ներկայացուց օրուան բանախօսները՝ Յովհաննէս Քիլիչտաղի եւ Կայէ Օզփինար:
Յովհաննէս Քիլիչտաղի որ Պոլսոյ Պողազիչի համալսարան աւարտած, որ այժմ Հարվըրտի համալսարանին մէջ, Միջին Արեւելեան ուսումնասիրութիւններու բաժնէն ներս կը մասնագիտանայ, իր խօսքին մէջ յայտնեց թէ, այսօր քիւրտեր, հայեր եւ այլախոհ թուրքեր հեռացած են Պոլսէն եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ այլ քաղաքներէն, պարզապէս այն պատճառով որ, անոնք շարունակ կը հալածուին եւ ազատօրէն չեն կրնար արտայայտուիլ:
Ան շեշտեց որ, ճիշտ այս ահաւոր կացութեան դէմ պայքարեցաւ Հրանդ Տինք, որուն համար ժողովրդավարական կանոններու կիրարկումը առաջնահերթութիւն մըն էր: «Եւ այդ պայքարի ճամբուն վրայ ալ ինկաւ ան, զոհը դառնալով անարք ոճիրի…», ըսաւ ան:
Պոլսոյ «Ակօս» թերթի յօդուածագիր Յովհաննէս Քիլիչտաղի շեշտեց թէ Տինքի բռնած ուղին պիտի շարունակուի:
Օրուան երկրորդ բանախօսն էր Մարդկային իրաւունքներու համար պայքարող Կայէ Օզփինարը, որ ծնած է Պուրսա եւ տարիներէ ի վեր կը գտնուի Մասաչուսէց, ուր կը մասնագիտանայ փաստաբանութեան զանազան բնագաւառներէն ներս:
Գեր-զգացական ոճով խօսք առաւ Օզփինարը, որ ներկաներուն նշեց թէ, իր երազին մէջ զրուցած էր Տինքին հետ եւ հարց տուած թէ, ի՞նչ պէտք էր որ փոխանձէր այս հաւաքին: Տինք, կարճ ու կտրուկ պատասխանած էր.- «Սիրտէդ պիտի խօսիս»: Եւ այդպէս ալ բանախօսեց ան, շեշտելով թէ, դժբախտաբար Թուրքիոյ մէջ տիրող ազգայնամոլութիւնը պատճառ հանդիսացած է, որ բնակչութիւնը սխալ դաստիարակութիւն ստանայ: Ան աւելցուց թէ, Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունին թուրք բարեմիտ ու արդարադատ քաղաքացիներ, նոյնիսկ պետական բարձր պաշտօններ նուաճած, որոնք կը փորձեն բարելաւել արդի Թուրքիոյ դիմագիծը:
Աւարտին, խօսք առաւ «Տինքի Բարեկամներ» հիմնարկին ներկայացուցիչներէն՝ Հերի Բարսեղեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բանախօսներուն եւ անշուշտ ներկաներուն, որոնց կարգին էին այլախոհ քիւրտեր եւ թուրքեր: Իր կարգին Զատիկ Օզքան,«Տինքի Բարեկամներ» հիմնարկին անունով յուշանուէրներ փոխանցեց ներկաներուն: Օրուան հաւաքը, աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ: