«Հրայր Մարուխեան» Հիմնադրամը Անդամակցեցաւ Եւրոպական Յառաջդիմական Հետազօտութիւններու Հիմնադրամին

ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպական Յառաջդիմական Հետազօտութիւններու Հիմնադրամի (Foundation for European Progressive Studies – FEPS) Ընդհանուր ժողովը Նոյեմբեր 13-ին վաւերացուցշ «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամի անդամակցութեան դիմումը։
FEPS-ը եւրոպական մեծագոյն քաղաքական հիմնադրամներէն մէկն է, իսկ ընկերային-ժողովրդավարական ուղղուածութիւն ունեցող հիմնադրամներուն շարքին՝ մեծագոյնը։ Անիկա ունի 41 լիիրաւ անդամ՝ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներէն, եւ 31 դիտորդ անդամ՝ Եւրոմիութեան եւ այլ երկիրներէ։
Այս յաջողութիւնը, իր գործունէութիւնը վերաշխուժացնող «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամին կարելիութիւն պիտի ընձեռէ զգալիօրէն ընդլայնելու միջազգային գործակցութեան շրջանակը եւ ներգրաւուելու մասնագիտական կրթական, հետազօտական ու գիտական ծրագիրներու մէջ։ FEPS-ին անդամակցութիւնը էականօրէն պիտի ընդլայնէ նաեւ «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամի վերլուծական կարողականութիւնը՝ անոր հնարաւորութիւն ընձեռելով օգտուելու FEPS-ի վերլուծական ներուժէն։
FEPS-ի Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու նպատակով Պրիւքսէլ գտնուող «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամի տնօրէն Գէորգ Ղուկասեան հանդիպում ունեցած է FEPS-ի նախագահ Նիկոլաս Շմիդթի եւ հիմնադրամի ընդհանուր քարտուղար Լազլօ Անտորի հետ։ Հանդիպման ընթացքին անոնք մտքեր փոխանակած են յառաջիկայ գործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ։ Նախապէս, Ընդհանուր ժողովի նիստին ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ, Ղուկասեան ընդգծած է Հայաստանի մէջ ընկերային-ժողովրդավարական գաղափարներու շուրջ մտաւորական, ակադեմական եւ քաղաքական միջավայրի զարգացման կարեւորութիւնը։
Ըստ անոր՝ ընկերային ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի համար պարզապէս քաղաքական աւանդոյթ մը չէ, այլ երկրի ապագայի հրամայականը, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական համախմբման, ընկերային արդարութեան, տնտեսական զարգացման եւ ազգային անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն դիմագրաւելու համապարփակ արժեհամակարգ մը։ Գէորգ Ղուկասեան առանձնացուցած է Հայաստանի մէջ ընկերային-ժողովրդավարական գաղափարներու քաղաքացիական եւ մտաւորական միջավայրի ձեւաւորումը՝ իբրեւ հիմնադրամի գործունէութեան առանցքային ուղղութիւն։
Անդրադառնալով հիմնադրամի ռազմավարական առաջնահերթութիւններուն՝ Գէորգ Ղուկասեան նշած է, որ անիկա կը նպատակադրէ կամուրջ մը դառնալու հայաստանեան հասարակութեան եւ եւրոպական ընկերային-ժողովրդավարական ընտանիքին, ակադեմական հետազօտութիւններուն եւ քաղաքական որոշումներու կայացման, ինչպէս նաեւ պատմական ընկերվարական ժառանգութեան եւ արդի մարտահրաւէրներուն միջեւ։

