ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, Յունուար 23, 2014.- Այս ամիս Լոս Անճելըսի մէջ լոյս տեսաւ Մեծ Եղեռնէն վերապրողներ Արամ եւ Տիրուհի Աւետեան զոյգի յուշերու անգլերէն թարգմանութիւնը` Defying Fate խորագրով, որպէս The Genocide Library մատենաշարի հինգերորդ հատորը:
Տիրուհի Չէօմլէքճեան (ապագային` Աւետեան) ծնած է 1907ի շուրջ, Իզմիթ: 1915ին, ընտանիքին հետ տարագրուած է Տէր Զօր: Ալ Շատտատէի կոտորածին իր ամբողջ ընտանիքը կորսնցնելէ ետք, ան որդեգրուած է տեղացի արաբներէ: Մեծցած է սուրիական անապատին մէջ, ուր տարիներ ետք հանդիպած է Արամ Աւետեանին` իր ապագայ ամուսնոյն: 13 տարի անապատը մնալէ ետք, Տիրուհի փախած է Հալէպ:
Արամ Աւետեան ծնած է նոյնպէս 1907ի շուրջ, Ձիթող հայաբնակ գիւղը` Էրզրումի մօտ: 1914ին, անոր հայրը սառամահ եղած է թրքական բանակին մէջ ծառայելու ընթացքին: Մեծ Եղեռնի սկիզբը, Արամն ու ընտանիքը քշուած են սուրիական անապատը: Տարագրութեան ճամբուն գրեթէ ամբողջ տարի մը ջարդի, թալանի, սովի ու հիւանդութեան սարսափները ականատեսելէ ետք, անոնք հասած են Սուրիոյ Ալ-Ռաքքա շրջանը, ուր Արամ առեւանգուած է արաբ ձիաւորի մը կողմէ: Արամ եւս 13 տարի ապրած է անապատը, զանազան արաբ ընտանիքներու մօտ, եւ վերջապէս փախուստ տալով անցած է Հալէպ:
Տասնամեակներ ետք, Արամ եւ Տիրուհի Աւետեանները հաստատուած են Լոս Անճելըս, ուր 70ական տարիներուն, գրի առած են Եղեռնի ու վերապրումի իրենց յուշերը, փափաքելով իրենց փորձառութիւնները վաւերագրել ապագայ սերունդներու համար: Աւետեանները մահացած են իրարմէ երեք ամիս տարբերութեամբ Տիրուհի` 1987ին, Արամ` 1988ին:
Աւելի ուշ, Աւետեաններու ձեռագիր յուշերը հաւաքուած ու խմբագրուած են իրենց դուստրին` Քնար Մանճիկեանի կողմէ, եւ Իշխան Ճինպաշեանի թարգմանութեամբ այս ամիս հրատարակուած` Defying Fate հատորով: Մանճիկեան նաեւ ծանօթագրած է գիրքը եւ գրած` ներածականը: “Որեւէ ատեն որ մայրս կը խօսէր Եղեռնին զոհ գացած ընտանեկան պարագաներու մասին, կ՛ըսէր թէ իր միակ տենչը զանոնք երազներուն մէջ տեսնելն էր“, Մանճիկեան կը գրէ ներածականին մէջ:
Մանճիկեան կը տեղեկացնէ նաեւ թէ արաբներու մօտ այնքան երկար ժամանակ ապրելու պատճառաւ հայերէն լեզուն գրեթէ բոլորովին մոռցած ըլլալէ յետոյ, ծնողները իրենց մայր լեզուն վերստին սորված են 20 տարեկանէն ետք: Յաջողած են ընել այս` գլխաւորաբար հայ գրականութեան եւ Հալէպ հրատարակուած “Արեւելք“ օրաթերթի խանդավառ ընթերցողներ դառնալով. իսկ Մանճիկեանի մօր հայերէնը ալ աւելի բարելաւուած է շնորհիւ Պոլսաբնակ եղբօր հետ իր նամակագրութեան, ինչպէս նաեւ իր հանրային ծառայութեան` որպէս Հայ Օգնութեան Միութեան ցկեանս նուիրուած անդամ:
Defying Fate-ի հրատարակչական նախաբանին մէջ, Յակոբ Մանճիկեան կը գրէ.- “Հակառակ Աւետեան զոյգի գրութիւններու հակիրճ բնոյթին եւ հակառակ որ այդ գրութիւններու բնագիրները հեղինակներուն կողմէ համեստօրէն Նօթատետր եւ Յուշատետր խորագրուած են, մենք կասկած չունէինք, որ րժանի են որպէս լիիրաւ գիրք հրատարակուելու, մեկնելով մեր այն սկզբունքէն որ որակը պէտք է գերադասել քանակէն, վաւերագրական արժէքը` գրքի երկարութենէն, եւ գործի խորքը` անոր տեսքէն“:
Defying Fate-էն օրինակներ կարելի է ստանալ` չէք մը ուղարկելով վարի հասցէին: Իւրաքանչիւր օրինակի գինն է $15.00, առաքման ծախսը ներառեալ:
H. and K. Manjikian
10544 Wrigthwood Lane
Studio City, CA 91604
The Genocide Library-ի մասին, որպէս H. and K. Manjikian Publications-ի ծրագիր մը, The Genocide Library մատենաշարը Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Քնար Մանճիկեաններուն կողմէ հաստատուած է 2005ին, նպատակ ունենալով թարգմանաբար հրատարակել 1915ի Աղէտին վերաբերեալ վաւերագրական արժէքաւոր հատորներ: Ցարդ հրատարակուած գիրքերն են` Արմէն Անուշի Passage Through Hell-ը (առաջին եւ երկրորդ տպագրութիւններ), Միքայէլ Շամտանչեանի The Fatal Night-ը, Շահէն Տէրտէրեանի Death March-ը, Սեպուհ Ակունիի The Crime of the Ages-ը եւ Արամ եւ Տիրուհի Աւետեաններու Defying Fate-ը: Մատենաշարի յաջորդ հատորը պիտի ըլլայ Մ. Սալբիի (Արամ Սահակեան) Our Cross-ը, որ պիտի հրատարակուի այս տարի: