
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Բնութիւնն ալ դժգոհ էր այդ օր, Մայիս 16, 2013-ին, եւ Սպիտակ Տան “Ռոզ Կարտըն“ պարտէզին մէջ, ուր նախագահ Պարաք Օպամա կը հիւրընկալէր Միջին Արեւելեան շրջանի հարցերուն առնչութեամբ, յատկապէս վերջին տարիներուն Միացեալ Նահանգներէն շարունակ “կանաչ լոյս“ ստացած երկրին` Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանը:
Այսպէս, Միացեալ Նահանգներու հովանիին տակ գտնուող հիւրը… հովանոցին տակ, խօսքեր փոխանակեց հիւրընկալ նախագահին հետ: Կիզակէտը Սուրիան էր, ուր ռումբերու տեղատարափը կարելի չէր բաղդատել այդ օրուայ տեղացող մաղին հետ: Հազարաւոր տեղահանուած ու անտուն բնակիչներուն եւ անդադար ու անվերջ բախումներուն դիմաց, ոչինչ էր այդ Սպիտակ Տան անձրեւը, որ սակայն իր իւրայատուկ փոխաբերական իմաստն ունէր, հովանին` հովանոցին տակ առնելու եւ “փրոթոքոլային“ հանդիպումը շարունակելու:
Երկու ղեկավարներն ալ իրենց արտայայտութիւններուն մէջ, Լափալիսեան իրականութիւններ, կրկնութիւններ եւ բազմիցս Լայպնիցեան անհիմն եւ անհեթեթ գաղափարներ փոխանակեցին: Մինչդեռ իրապաշտօրէն, տարբեր է կացութիւնը իսկական կռուադաշտին վրայ, ուր նոյնիսկ անշունչ էակներուն հանդէպ ամենադոյզն յարգանքը ցուցաբերելու փոխարէն, մարդակերներ ամենայն պաղարիւնութեամբ ոչ թէ միայն մորթազերծ կ՛ընեն ու կը կրծեն անշունչ սիրտ մը, այլ նաեւ ժապաւէնի առնելով, ամենայն պաղարիւնութեամբ կը ցուցադրեն ու կը տեղադրեն կայքէջներէ ներս:
Ասոր ի պատասխան, Սպիտակ Տունը ահաբեկչութեան սեւ ցանկէն ներս աւելցուցած է, Սուրիոյ ներկայ վարչակազմէն ներս գործող կարգ մը նախարարներ, այդ ղեկավարութեան հլու կամակատար հեռատեսիլի կայան մը եւ
ազգային օդանաւային ընկերութիւնը, որ ամիսներէ ի վեր գրեթէ դադրեցուցած է իր թռիչքները, տիրող կացութեան պատճառով:
Հետզհետէ աւելի կը նշուի քիմիական զէնքի գործածութեան մասին, բան մը որուն պատճառաբանութեամբ Իրաքի ներխուժման ազդանշանը տրուեցաւ:
Աւելին, յաւելեալ շփոթ ստեղծելու համար, այս “անցանկալի“ ցանկին մէջ, նաեւ նկատի առնուած է, Սուրիոյ ներկայ ղեկավարութեան դէմ պայքարող ծայրայեղական անձնաւորութիւն մը, որուն ղեկավարած կազմակերպութիւնը նկատի առնուած է իբրեւ “Քայիտա“ի մէկ բջիջը:
Այս բարդ ու գորդեան հանգոյցներէ կազմուած թնճուկին դիմաց, հիւր վարչապետն ալ իր ծամծմած խօսքերուն մէջ, կը փորձէր ծածկել իրականութիւն մը, խնդրայարոյց իրողութիւն մը, որ հետզհետէ սկսած էր մտահոգութիւն ստեղծել եւ հարցադրումներու դուռ բանալ իր բնակիչներուն մօտ: Անոնց համար անհասկնալի էր թէ ի՞նչ պատճառներով Միջին Արեւելեան Վիեթնամ մը ստեղծուած էր:
Այդ օրուայ “Ռոզ Կարտըն“ պարտէզին մէջ տեղացող մաղը թեթեւ էր, շատ աւելին կը սպասուի… “A Hard Rain’s A-Gonna Fall” …ինչպէս ամենայն յոռետեսութեամբ կը նկարագրէր Պապ Տիլըն, 1962-ին իր յօրինած երգին մէջ, Քուպայի մէջ ի յայտ եկած Խորհրդային հրթիռներուն առթիւ: