
ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ․- Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի մեծարանքի 15-րդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, Հոկտեմբեր 23-ին, Ֆիլատելֆիոյ Loews պանդոկին մէջ։ Խստօրէն պիտի կիրարկուին պսակաձեւ ժահրի (Քովիտ 19) դէմ պայքարելու համար առնուած օրէնքները։
Հանդիսութեան հանդիսավար պիտի ըլլայ Միշիկընի ներկայացուցիչ Մարի Մանուկեան։ «Մեզի համար մեծ պատիւ է, որ ներկայացուցիչ Մարի Մանուկեան պիտի ըլլայ այս տարուայ Հայ Դատի մեծարանքի ձեռնարկին հանդիսավարը։ Անհամբեր կը սպասենք, որ նշենք այս մեծարանքի երեկոն», յայտնեց այս տարուայ կազմակերպիչ յանձնախումբի ներկայացուցիչ Անթընի Տիզը։
28 տարեկան Մարի Մանուկեան (ծնած՝ Պըրմինկհէմ, Մասաչուսէց) կը նկատուի ապագայ խոստացող երիտասարդ դեմոկրատականներէն։ Ան տաս տարի այցելած է Հ․Օ․Մ․-ի հայերէն լեզուի «Զաւարեան» դպրոցը, նաեւ եղած է գործօն՝ շրջանի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ։
Այս տարուայ «Վահան Գարտաշեան» մրցանակին նկատի առնուած անձնաւորութիւնն է Ֆիլատելֆիոյ շրջանի Հայ Դատի գործօն անդամներէն՝ Անտրիւ Գիզիրեանը, որ տարիներ շարունակ այս բնագաւառէն ներս ծառայած է։
1971-ին աւարտած Temple University-ի կրթական բաժինը, Գիզիրեան իր ուսումը շարունակած է Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ, մասնագիտութիւն ընտրելով Միջին Արեւելքի պատմութիւնը։
Որոշ ժամանակաշրջան մը, Գիզիրեան ստանձնած է Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը։ Գիզիրեան նաեւ ստանձնած է «Քէմփ Հայաստան»-ի ընդհանուր պատասխանատուի պաշտօնը։ Հ․Յ․Դ․-ի հաւատարիմ անդամներէն, ան տարիներ շարունակ եւ ցայսօր կը ծառայէ շրջանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծուխին։
«Էնտրիւ Գիզիրեան տիպար հայորդի մըն է, որ հետեւողական ձեւով, տասնամեակներ շարունակ ծառայած է Հայ Դատի համար։ Մենք գոհունակութեամբ եւ ուրախութեամբ կը սպասենք այս մեծարանքի օրը։ Պատիւը պիտի ունենանք պատուելու Գիզիրեանը իր ծննդավայրին մէջ», ըսաւ Հայ Դատի գործիչ՝ Սթիւ Մեսրոպեան։
«Ազատութիւն» մրցանակին համար նկատի առնուած է փաստաբան Սիրանոյշ Սահակեան, որուն մասնագիտութիւնն է մարդկային իրաւունքներ պաշտպանութիւնը։ Ան մօտէն հետեւած եւ դատապարտած է Ատրպէյճանի կողմէ զինուորական Ռամիլ Սաֆարովի հերոսացումը, որ հայ բանակի սպայ՝ Գուրգէն Մարգարեանին կացինահարած էր Պուտափեշթի մէջ, 2004-ին ՆԱԹՕ-ի «Խաղաղութեան գործընկերութիւն» դաստիարակչական ծրագրին ընթացքին։ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանէն ներս դասաւանդող Սահակեան նաեւ Արցախի վերջին պատերազմին գործի լծուեցաւ, ազատ արձակելու համար Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ զինուորները։
«Հայ Դատի Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի անունով կը շնորհաւորեմ Սիրանոյշ Սահակեանը, որ անաչառօրէն կը գործէ յաչս արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանման։ Կարելի չէ նկարագրել, թէ անոր կատարած աշխատանքը որքան առաջնահերթ է եւ յիշատակելի։ Իսկապէս երախտապարտ ենք», յայտնեց Հայ Դատի Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի պատասխանատու Անի Չաղլասեան։
Նշենք, թէ Փետրուար 25-ին առցանց դրութեամբ տեղի ունեցաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի 14-րդ հանդիսութիւնը, որ նախատեսուած էր կատարել Հոկտեմբեր 2020-ին, Ֆիլատելֆիոյ մէջ: