ԱմերիկահայԼրահոս
ՀԷՐԻ ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆԻ ՀՐԱԺԵՇՏԸ
Երկուշաբթի, Ապրիլ 21ին, Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքեց յայտնի լրագ-րող-լուսանկարիչ Հէրի Գունտաքճեան: Ան տարիներ շարունակ ծառայած էր “Էսոշիէյթըտ Փրէս“ լրատու գործակալութեան, ստանձնելով գլխաւոր լուսանկարի-չի պատասխանատուութիւնը` Արաբական երկիրներու, Միջին Արեւելքի, Հիւսիսա-յին եւ Արեւելեան Ափրիկէի շրջաններու:
Ան իր գործունէութեան ընթացքին միշտ ալ սատարած է Սփիւռքի եւ հայրենի մա-մուլին (անշուշտ նաեւ “Հայրենիք“ին), տրամադրելով լուսանկարները:
ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ
Հէրի Գունտաքճեանի մահուան առթիւ, “Հայրենիք“ի անձնակազմը խոր ցաւակցու-թիւններ կը փոխանցէ ընտանեկան պարագաներուն:

